«Ուղեւորութիւն Գիծերու, Ձեւաւորումներու եւ Գոյներու Միջով». Մայք Յակոբեանի նկարներու նոր հատորը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Հայերն այսօր»– Լոս Անճելոսի հայ գաղութը իրապէս բախտաւոր օրեր կ’ապրի: Այս քաղաքին մէջ, բազմաթիւ եւ բազմատեսակ շնորհներով օժտուած երիտասարդներ ունինք, որոնք իրենց Աստուածատուր տաղանդներով ոչ միայն իրենք կը փայլին, այլ նաեւ հայ երգը, պարը, նկարչութիւնը, թատրոնը, մարզանքը, գիր ու գրականութիւնը կը փայլեցնեն:

Այս երիտասարդներէն մին է շնորհաշատ նկարիչ, գրող-բանաստեղծ եւ շրջան մըն ալ դերասանութիւն ըրած`մեր սիրելի Մայք Յակոբեանը:

Սիրելի ըսինք, քանի որ մենք Մայքը իր պատանեկան տարիքէն` Պէյրութէն կը ճանչնանք, երկրորդական վարժարանի աշակերտութեան շրջանէն, որպէս նկարչութեան, գիր ու գրականութեան մէջ ուշագրաւ ձիրքերու տէր աշակերտ, արժանանալով իր ուսուցչիներու ուշադրութեան եւ գնահատանքին:

Իսկ Լոս Անճելոս գալէն ի վեր, Յուլիս 2015-ին հրատարակեց իր երգերու հոյակապ հատորը` «Իմ Երգերը» խորագրով: Մայք Յակոբեանի այդ հատորը արժանացաւ գաղութի եւ մանաւանդ՝ հայ գրողներու եւ ընթերցողներու բարձր գնահատանքին:

Այս օրերուն, Կլենտէլի հանրածանօթ «Yerevan Printing» տպարան/հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Մայք Յակոբեանի «Ուղեւորութիւն Գիծերու, Ձեւաւորումներու եւ Գոյներու Միջով» («A Journey Along Lines, Forms and Colors»)(*) խորագիրը կրող նկարներու հատորը:

200 էջնոց, գունաւոր, արհեստավարժ տպագրութեամբ լոյս տեսած այս հատորը, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բացատրութեամբ հրատարակուած է:

Հեղինակը ուզած է այս գործը առաւելաբար նոր սերունդին մատչելի դարձել: Այս հրատարակութիւնը պիտի ներկայացուի նաեւ Մարսէյլի հանրութեան, որպէսզի ֆրանսախօս երիտասարդութիւնն ալ հաղորդ դառնայ հատորին արհեստավարժ որակին ու բովանդակութեան:

Հեղինակը առաջին հերթին երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութեան խօսք ուղղած է Մաշտոց Գոլէճի նախագահ, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին, անգլերէնով անոր գրած 16 էջնոց ծանօթացման համար: Նմանապէս Ծանօթ թարգմանիչ եւ լրագրող Սարգիս Մաճառեանին, հատորի նախաբանին համար:

Շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ  Սփիւռքի հայ մամուլի մեծանուն գործիչներէն, թերթերու հիմնադիր, ներհուն խմբագիր Վահան Ճանսըզեանին, դոկտ. Տէր Եղիայեանին եւ Մաճառեանին գրութիւնները ֆրանսերէնի թարգմանելու համար:

Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղած է վաստակաւոր բեմադրիչ-դերասան Գրիգոր Սաթամեանին, իր օգտաշատ թելադրութիւններուն համար,  Ֆիլիփ Միլկրոմին՝ ֆրանսերէն բաժնի սրբագրութեան համար, «Երեւան» տպարանի սեփականատէր Սարգիս Թօփալեանին, իր եղբօր՝ Յովսէփ Յակոբեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի նպաստած են այս գործի հրատարակութեան աշխատանքներուն:

Իւղաներկով գծուած հատորին մօտ 150 նկարները կը ներկայացնեն Մայք Յակոբեանի ներաշխարհի վերիվայրումները, բնութեան հրաշագեղ պատկերները, կեանքէն եւ առօրեայէն առնուած ուսանելի վիճակներու, նկարներու եւ դիմանկարներու հաւաքածոյ մը: Ինչպէս Սարգիս Մաճառեան կը գրէ իր նախաբանին մէջ, «Լիբանանի ու Մարսէյլի միջերկրականեան գեղատեսիլ ափերէն  որսացուած ակնահաճոյ տեսարաններով, քարափներով, կապոյտ ջուրերուն վրայ հանդարտ ծփացող նաւակներով եւ բազմերանգ վերջալոյսներով: Այո, անկարելի է կախարդական աշխարհի մը ապրումներով չլիացնել ներաշխարհդ»:

Այս բոլորը տրուած են շատ վառ եւ ակնահաճոյ գոյներով եւ վրձինահարուածներով, որոնք մարդոց միտքը շարժման մէջ կը դնեն եւ կը սկսին արժեւորել այդ նկարներէն ստացուած հաճելի տպաւորութիւնները, բաւական ժամանակ առնելով այդ նկարները ըմբոշխնելու, հասկնալու եւ վայելելու:

Հեղինակը իւրաքանչիւր նկարի մէջ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով տուած է նկարին խորագիրը, անոր չափը եւ յաճախ այդ նկարը գծելուն դրդապատճառը:

Անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ այս հատորը ունենալով, իւրաքանչիւր նկար որքան դիտենք, այնքան բան կը տեսնենք եւ կը յիշենք ու կը պատկերացնենք: Նորութիւններով լեցուն, ոճով նոր, նիւթերը իւրայատուկ Մայք Յակոբեանի աչքով ներկայացուած են, որոնք մեծ հաճոյք կը պատճառեն դիտողին:

Մայք Յակոբեանի երկու տարի առաջ լոյս տեսած «Իմ երգերը» հատորը գրատուններու մէջ չէ դրուած, այլ հեղինակը ինք իր ծանօթներուն եւ ընկերներուն որպէս նուէր ղրկած էր:

Բարեբախտաբար, այս երկրորդ հատորը կրնաք գտնել Կլէնտէլի ծանօթ «Պերճ» գրատան ((818) 244-3830), «Ապրիլ» գրատան ((818) 243-4112) եւ «Երեւան» տպարանին մէջ ((818) 246-2070):

Նկարներու այս հաւաքածոն ունենալով, անպայմանօրէն աւելի հաճելի եւ հոգիով ու մտքով խաղաղութիւն պարգեւող պահեր պիտի ունենաք:

Իսկ այս օրերուն, երբ բազմաթիւ նուէր տալու առիթներ կ’ունենաք, մեր փորձառութենէն ելլելով կրնանք ըսել, թէ այս հատորը հոյակապ նուէր մը կրնայ ըլլալ ամէն տարիքի, սեռի եւ ճաշակի մարդոց համար:

Այս գիրքը թերթատելէ ետք, վստահ ենք, որ ընթերցողը մեծապէս պիտի գնահատէ եւ արժեւորէ Մայք Յակոբեանի նկարչական տաղանդը:

Մայք Յակոբեանի այս հատորը իր նկարներուն առաջին հատորն է, եւ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ այս գիրքը շատ արագ կը սպառի, որուն պատճառաւ, հեղինակը կը պատրաստուի այս հատորի երկրորդ հրատարակութեան:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մայք Յակոբեանը այս գեղեցիկ աշխատանքին համար, մաղթելով իրեն անսպառ տաղանդ եւ նորանոր հրատարակութիւններ:­

Հ.Գ. (*) Մեր լեզուաբան ընկերներուն. «Le France»-ը երբեք կապ չունի «La France»-ի հետ: 1945ին, երբ «Սեգուրա» զոյգը գնեց Քասսիսի ամենահին խմիչքի տունը, առ ի յարգանք յածանաւի՝ նաեւ այն պատճառով, որ ըմպելատան սեփականատիրոջ կնոջ անունն էր, անոնք զայն անուանեցին Le France:

Scroll Up