Արմէն Սարգսեան Կը Հանդիպի Վիեննայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեան արտերկրի հայ համայնքներ այցելութիւններու ծիրին մէջ,  Երեքշաբթի, 20 Փետրուարին, Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ աւստրիահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ անհատներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին Սարգսեան ներկայացուց ընտրուելու պարագային իր կատարելիք գործերը եւ Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ իր տեսլականը: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու համահայկական հարցերու մասին եւ առաջարկեց միասնական լուծումներ փնտռելու համար, խրախուսել համահայկական երկխօսութիւնը:

Սարգսեան ապա համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու եւ անհատներու հետ անկեղծ զրոյց ունեցաւ:

Scroll Up