Հայ Ըմբիշը Դարձած է Պուլկարիոյ Ախոյեան

Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Պուլկարիոյ երիտասարդական ախոյեանութիւնը:

Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:

72 քկ․ դասակարգին մէջ փայլուն հանդէս եկած է 22-ամեայ ռուսաստանաբնակ, ջաւախքցի Հայկ Մնացականեանը, որ 1 տարի առաջ տեղափոխուած է Պուլկարիա: Հայկը յաղթած է 4 գօտեմարտի, ոչ մէկ միաւոր չտալով մրցակցիներուն՝ գրաւած է առաջին տեղը:

Ախոյեանութեան ներկայ եղած է նաեւ Ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեանը, որ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է․ «Հայկը նոր տեղափոխուած է Պուլկարիա: Ռուսիա կը բնակէր: Մարզական մեկնաբան Կարէն Գիլոյեան միջնորդած է, որ ան գայ այստեղ մարզուի: Հայկը շատ նպատակասլաց: Կը լսէ մարզիչներու բոլոր կարգադրութիւնները, խորհուրդներուն համար չ՛ամչնար դիմելէ մեզի:

«Ցաւօք անոր ծանրութիւնը ողիմպիական չէ, սակայն ես Հայկին խորհուրդ տուած եմ վերանայիլ եւ ընտրել ողիմպիական դասակարգ: Կարեւոր չէ, թէ որ երկիրը կը ներկայացնէ, կարեւորը այն է, որ մարզիկը իսկական մարտիկ է եւ անոր մասին, տայ Աստուած, դեռ լսեն շատերը»,- նշած է Նազարեան:

Scroll Up