Յարգանքի տուրք Միսաք Մանուշեանին եւ ընկերներուն յիշատակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/02/մանուշեան.jpeg)
Եօթանասունչորս տարի անցած է արդէն Միսաք Մանուշեանի եւ Կարմիր Որմազդի (Affiche Rouge) իր 22 ընկերներու գնդակահարութենէն: Ժամանակները կը փոխուին, գաղափարախօսութիւնները կ՚անցնին, սակայն անոնց յիշատակը միշտ վառ կը պահուի որպէս յանուն մարդու ազատութեան եւ արժանապատւութեան ինկած մարտիկներ:
Հոս՝ Մարսիլիոյ ծովահայեաց գողտրիկ պուրակի մը մէջ, որ 33 տարիէ ի վեր իր անունը կը կրէ, զետեղուած է իր կիսանդրին: Հոն գնդակահարութեան տարելիցի մօտակայ Շաբաթ օրը տեղի կ՚ունենայ յիշատակի արարողութիւնը: Ուրեմն, Շաբաթ, 17 Փետրուար 2018 ժամը 11-ին հակառակ աննպաստ օդին եւ տեղացող ուժեղ անձրեւին, հաւատարիմ գաղափարակիցներու բազմութիւն մը հաւաքուած էր կրկին ոգեկոչելու համար այդ 23 օտարականներու յիշատակը, որոնք 21 Փետրուար 1944-ին Mont-Valérien-ի բերդին մէջ ինկած էին գերմանական գնդակներու տակ, իբր ֆաշական բռնակալութեան դէմ պայքարող մարտիկներ:
Կազմակերպիչ մարմինի կողմէ օրուան հաւաքոյթին բացումը կատարեց Սիմոն Ազիլազեան, ծանրանալով Յիշողութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Իրմէ յետոյ խօսք առաւ պրն. Շինի որպէս Նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութեան (ANACR) նախագահ, որ յիշեց թէ այդ նահատակներու հաւատամքը կը խտանար երեք կէտերու մէջ. մերժում՝ բռնակալութեան, յոյս՝ ապագայ խաղաղ եւ եղբայրական աշխարհի մը, եւ պարտականութիւն՝ հանդէպ Ֆրանսայի, որ իրենց ապաստան տուած էր: Յիշեց, որ Մանուշեան վերապրող մըն էր Հայոց ցեղասպանութենէն: Իրմէ յետոյ կարճ ելոյթներ ունեցան Ֆրանսական համայնավար կուսակցութեան քարտուղարը եւ ԺԱՖ-ի ներկայացուցիչ Տիգրան Հարունեան: Ֆրանսական collège-ի մը աշակերտներ, որոնք brevet-ի քննութիւններուն որպէս պատմութեան նիւթ ընտրած էին Միսաք Մանուշեանը եւ Կարմիր Որմազդը կարդացին իրենց շարադրանքները: Որպէս պաշտօնական անձնաւորութիւն յիշենք Ա. եւ Է. թաղամասերու ներկայացուցիչ՝ խորհրդական Փեթրուչիի ներկայութիւնը, որ զետեղեց իր թաղապետութեան ծաղկեպսակը, որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ միւս ծաղկեպսակներու աւանդական զետեղումը: «Փարթիզաններու երգ»-ի եւ «Մարսէյէզ»-ի հնչիւններով փակուեցաւ յուշատօնը: Ներկաները մեկնեցան իրենց պարտականութիւնը կատարած մարդու խղճի հանգստութեամբ:
Ս.Պ.