Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Փետրուար 19-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:

Դեսպանը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը Լիբանանի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստանի վարչապետին Լիբանան տալիք այցելութեան մասին:

Արամ Ա. կաթողիկոս, ողջունելով Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող փոխադարձ այցելութիւնները, ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը` երկու երկիրներու տնտեսական զարգացման եւ բարեկամութեան ամրապնդման գծով:

Scroll Up