Հայկական Մշակութային Երեկոյ Լիբանանի Զուք Մըքայէլ Քաղաքին Մէջ
Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Զուք Մըքայէլի քաղաքապետարանի համատեղ կազմակերպմամբ փետրուար 16-ին քաղաքի Երիտասարդութեան եւ մշակոյթի տան մէջ (Maison des Jeunes et de la Culture, Zouk Mikael) տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակութային երեկոյ» խորագիրով ձեռնարկ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լիբանանի մէջ հայ համայնքին հետ տարուող աշխատանքներու դիւանագէտ Վլադիմիր Պօղոսեան, ձեռնարկին ներկայ էին Զուք Մըքայէլի քաղաքապետարանի եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աշխատակազմի անդամներ, հայ համայնքի կրթական, մշակութային կառոյցներու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան մշակութային տան տնօրէն տիկին Ռուլա Սաւան, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ քաղաքային խորհուրդի նախագահ Էլիաս Պաինուն: Դեսպան Մկրտչեան այնչափ կարեւորեց միջմշակութային երկխօսութեան նման նախաձեռնութիւնը, անդրադարձ կատարեց հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու դարաւոր կապերուն` շեշտելով, որ այսպիսի ձեռնարկներ կ’օգնեն ճանչնալ իրար, փոխհարստացնել ազգային մշակոյթները եւ ամրապնդել բարեկամութիւնը:
Դեսպանն իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայ մշակութային միութիւններուն, «Պատկեր» հայկական ժառանգութեան կեդրոնի տնօրէն Արփի Մանգասարեանին` աշխոյժ մասնակցութեան համար:
Ձեռնարկին ընթացքին իրենց կատարումներով հանդէս եկան Նոր սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գայեանէ» պարախումբը, Թէքէեան մշակութային միութենէն մենակատար Ալիս Իփրաջեանը:
Ձեռնարկի աւարտին «Պատկեր» հայկական ժառանգութեան կեդրոնին կողմէ ներկաներուն ներկայացուեցան հայկական աւանդական յուշանուէրներ եւ տարազներ, Պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններուն` Ուրֆա, Մարաշ, բնորոշ զարդանախշերով ասեղնագործ աշխատանքներ եւ «Պատկեր» ճաշարանին կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտեստներ: