Գէորգ Կարապետեան` Իրանի 2017 Թուականի Լաւագոյն Գիտահետազօտող
Իրանի «Ամիր Քապիր» համալսարանի դասախօս, փրոֆէսոր Գէորգ Կարապետեան արժանացած է ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Իրանի 2017 թուականի լաւագոյն գիտահետազօտողի կոչման:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով tehranprelacy.com-ին, կը յայտնէ, որ Իրանի ուժանիւթի միութիւնը գնահատագիր յանձնելով անոր` ողջունած է դոկտոր Կարապետեանի անխոնջ ջանքերը երկրի գիտահետազօտական եւ մշակութային գերագոյն նպատակներու իրականացման ու երկրի ուժանիւթի գիտութիւնը առաջ մղելու առումով:
Գէորգ Կարապետեան, որ Իրանի ուժանիւթի գիտահետազօտական հիմնարկի գիտահետազօտական հարցերով տեղակալի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է, կը համարուի ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Իրանի գիտական առաջատար դէմքերէն, որ վերջին տարիներուն բազմաթիւ հետազօտութիւններ իրականացուցած էմիկրոցանցերու, վերականգնուող ուժանիւթի, պահեստաւորման եւ ելեկտրականութեան ու ուժանիւթի այլ բնագաւառներու մէջ: Ան նաեւ այս ոլորտին մէջ օգնած է բազմաթիւ ուսանողներու` դիպլոմային աշխատանքներուն: