Նախագահը Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով Այցելեց «Bookinist» Գրախանութ
Սերժ Սարգսեանը Գիրք նուիրելու օրուան առիթով Փետրուար 19-ին այցելեց «Բուկինիստ» գրախանութ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան շարք մը հրատարակչութիւններու ղեկավարներուն` «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութեան ղեկավար Մկրտիչ Կարապետեանի, «Զանգակ» հրատարակչութեան ղեկավար Սոկրատ Մկրտչեանի, «Անտարես» հրատարակչութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեանի եւ «Բուկինիստ» ընկերութեան տնօրէն Խաչիկ Վարդանեանի հետ:
Թէյի սեղանի շուրջ հանդիպման մասնակիցները զրուցեցին գրահրատարակչութեան վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն եւ առկայ խնդիրներուն մասին, քննարկեցի` գիրքի տպագրութեան եւ վաճառքի, գրադարաններու ու գրախանութներու գործունէութեան շարունակաբար բարելաւման, ընթերցանութեան խրախուսման նպատակով պետութեան եւ մասնաւոր հատուածի համագործակցութեան արդիւնքով իրականացուած աշխատանքներն ու զարգացման յետագայ ծրագիրները: Հրատարակիչները ներկայացուցին նաեւ իրենց առաջարկները, որոնք Հանրապետութեան նախագահը խոստացաւ քննարկել ոլորտի պատասխանատուներու հետ եւ փորձել գտնել ոլորտին օգտակար ըլլալու նոր հնարաւորութիւններ:
Սերժ Սարգսեան եւ հանդիպման մասնակիցները քննարկումէն առաջ շնորհաւորեցին զիրար Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան եւ Գիրք նուիրելու օրուան առիթով: Նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ անցած տարիներու ընթացքին հասարակութեան մէջ ձեւաւորուած բարի աւանդոյթը` Գիրք նուիրելու օրը, իրաւամբ, մեծ բանաստեղծի ծնունդը նշելու ամենալաւ ձեւերէն մէկն է: Օրուան խորհուրդին ներքոյ հանդիպման մասնակիցները իրարու գիրք նուիրեցին:
Նախագահը նուիրեց բրիտանացի յայտնի պատմաբան, գրող Նիալ Ֆերկիւսընի հեղինակած «Քաղաքակրթութիւն. ինչով կը տարբերի Արեւմուտքը մնացած աշխարհէն»ի գիրքը, որ կը ներկայացնէ համաշխարհային պատմութեան վերջին 600 տարին: «Բուկինիստ» ընկերութեան տնօրէնը Նախագահ Սերժ Սարգսեանին նուիրեց անգլիական հրատարակչութիւններէն մէկուն հետ համատեղ հրատարակուած «Գիտելիքներու հանրագիտարան» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը, ուր առանձին մեծ բաժինով ներկայացուած է նաեւ Հայաստանը: «Զանգակ» հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէնը Նախագահին նուիրեց «Հայ արուեստի պատմութիւն» աշխատութիւնը, ուր ներկայացուած է հայ կերպարուեստի եւ ճարտարապետութեան պատմական ուղին` սկսած հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: «Անտարես»-ի նախագահը Սերժ Սարգսեանին նուիրեց աւստրիացի մեծագոյն գրող եւ մտածող Ռապըրթ Մուզիլի «Մարդն առանց յատկութիւններու» երկհատորեակը, ուր ներկայացուած են քննախոյզ գիտնականի մտորումները կեցութեան առեղծուածի ճանաչողութեան, բնութեան ու մարդու միջեւ մղուող յաւերժական պայքարի մասին: «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութեան նախագահը նուիրեց վերջին շրջանին հրատարակչութեան տպագրած թարգմանական գրականութիւնը` Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երէք ընկերը», Անթուան տը Սենթ Էքզիւփերիի «Փոքրիկ իշխանը» եւ «Մարդկանց երկիրը», Ճոն Կրինի «Աստղերն են մեղաւոր» գիրքերը:
«Բուկինիստ» ընկերութեան տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան նախագահին ներկայացուց «Բուկինիստ» գրավաճառ ցանցի գործունէութեան արդիւնքով վերջին տարիներուն արձանագրուած զգալի յաջողութիւնները, ցանցի ընդլայնման եւ յատկապէս մարզերու մէջ գրախանութներու հիմնման ուղղութեամբ իրականացուելիք յառաջիկայ ծրագիրները:
Սերժ Սարգսեան գրախանութի տնօրէնի հետ շրջայց կատարեց «Բուկինիստ» գրախանութիւն մէջ, ծանօթացած գրախանութի` նորագոյն եւ լաւագոյն գրականութեամբ յագեցած բաժիններուն, որոնց շարքին` մասնագիտական: