Վարդանանցի եւ Տեառնընդառաջի Տօնակատարութիւններ Փասատենա Քաղաքի Շաբաթօրեայ Վարժարանէն Ներս

ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը 10 Փետրուար 2018, Շաբաթ օր, աշակերտներու, ծնողներու եւ հիւրերու խանդավառ ներկայութեանբ տօնեց Ս. Վարդանանց տօնը եւ Տեառնընդառաջը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանէն:

Յայտագիրը սկսաւ տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով: Ապա մանկապարտէզի սաները սրահ մտան հանդիսական ձեւով: Անոնք որպէս Վարդաններ, զգեստաւորուած, սաղաւարտներով, վահաններով եւ սուրերով զինուած, տողանցեցին սրահին շուրջ, ապա բեմ բարձրացան: Ուսուցչուհի օր. Անի Մարսէլեանի եւ օգնականուհի օր. Էֆգին Սէրայտարեանի առաջնորդութեամբ, փոքրիկ աշակերտները մաքուր առոգանութեամբ արտասանեցին Ս. Վարդանին եւ անոր քաջագործութիւններուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ ու երգեցին երգեր, մինչ՝ օր. Մարալ Դաւիթեանի աշակերտները ներկայացուցին օրուան պատգամը:

Ապա հանդէս եկաւ օր. Ազնիւ Սէրայտարեանը: Ան փոքրիկներուն բացատրեց ճակատամարտի հանգամանքները:

Միջոցառումը ունէր երկրորդ մաս՝ նորութիւն մը վարժարանի աշակերտներուն համար: Դպրոցի բակին մէջ վառուեցաւ աւանդական կրակը, որուն ուղեկցեցան ծիսական երգն ու պարը: Վարժարանի 60 աշակերտները, մեծամասնութիւնը սկաուտներ, զոյգեր կազմեցին ու անցան կրակին վրայէն:

Վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեան իր խօսքին մէջ` բարձր գնահատեց ծնողներու զոհողութիւնը, թէ հայեցի դաստիարակութեան եւ ինքնութեան պահպանման համար անոնք ամէն շաբաթ հեռու արուարձաններէն կու գան վարժարան եւ նեցուկ կը կանգնին անոր բոլոր ծրագիրներուն:

 

Scroll Up