«Միքայէլեան» Ընկերութիւնը Ճանչցուած Է Իրանի Ազգային Հզօրութեան Ապրանքանիշ

«Միքայէլեան» մսամթերքներու եւ պահածոներու ընկերութիւնը ճանչցուած է Իրանի Ազգային հզօրութեան ապրանքանիշ (brand)` արժանանալով «Ազգային հզօրութիւն» բարձրագոյն շքանշանի:

Այս մասին «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, «Ալիք» օրաթերթը կը տեղեկանայ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Գէորգ Ղուկասեանէն:

Վերջինս տեղեկացուց, որ ընկերութիւնը ստացած է յատուկ հրաւէր մասնակցելու ապրիլ 30-ին «Ազգային ապրանքանիշ, ազգային հզօրութիւն» յատուկ ձեռնարկին, որուն ընթացքին ընկերութիւնը պիտի պարգեւատրուի «Ազգային հզօրութիւն» բարձրագոյն շքանշանով:

Սա, անկասկած, մեծագոյն յաջողութիւն է 86 տարի շարունակ Իրանի մսամթերքներու եւ պահածոներու շուկային մէջ աշխատող եւ իր որակեալ արտադրանքին համար բարի համբաւ վաստակած «Միքայէլեան» մսամթերքներու եւ պահածոներու ընկերութեան վերջինիս գործադիր տնօրէն Գէորգ Ղուկասեանի համար, որուն անմիջական ջանքերով  պայմանաւորուած է ընկերութեան այսօրուան վերելքը:

 

Scroll Up