Թեհրանի Եկեղեցւոյ Մէջ Ծառայող Կին Սարկաւագն Իր Կրօնական Դաստիարակութեան Համար Պարտական Է Թեմի Առաջնորդին
Թեհրանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (երբեմն նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ) ծառայող կին սարկաւագ Անի Քրիստի Մանուէլեան ծնած է Թեհրան: Ուսանած Հայոց ազգային «Արաքս» դպրոցին, ապա Իրանի պետական համալսարանին մէջ: Մասնագիտութեամբ անեսթեզիոլոկ է (anesthetist), կ’աշխատի հիւանդանոցի` վիրահատական բաժինին մէջ:
«Մանուկ հասակէս ծնողներուս շնորհիւ ստացած եմ կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն, յաճախած կիրակնօրեայ դպրոց, միաժամանակ մասնակցած եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ծառայած որպէս քշոցակիր եւ մոմակիր: Տարիներու ծառայութենէն ետք ձեռնադրուած եմ որպէս դպիր, ապա կիսասարկաւագ: Եւ ի վերջոյ, 2017 թուականի սեպտեմբերի 24-ին` որպէս սարկաւագ»,–«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Անի-Քրիստին եւ աւելցուց, որ իր կրօնական եւ ազգային դաստիարակութեան համար պարտական է նաեւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան Գերաշնորհ Տէր Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Սարգսեանին, որ միշտ կը քաջալերէ նոր սերունդի մասնակցութիւնը եկեղեցական արարողութիւններուն:
«Եկեղեցին եւ հաւատքը ամենակարեւոր եւ էական դերն ու տեղը ունին իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ, քանի որ մարդն առանց հաւատքի կրնայ մոլորիլ աշխարհի ովկիանոսին մէջ: Ոչ քրիստոնեայ երկիրներու մէջ առաւել եւս կարիք ունինք ամրապնդուելու հաւատքի գօտիով, որպէսզի գոյատեւենք, պահենք ու պահպանենք մեր կրօնական եւ ազգային մշակոյթն ու կենցաղը»-ըսաւ Անին:
Անդրադառնալով Հայաստանին` Անի Քրիստին նշեց, որ Սփիւռքի մէջ ապրող ամէն մէկ հայու հեռանկարը եւ տեսիլքն իր հայրենի հողն ու ժողովուրդն է. «Բազմիցս եկած եմ հայրենիք ո՛չ թէ որպէս հիւր, այլ որպէս հայ, որ կը գտնուի իր տան մէջ, իր ընտանիքին հետ: Միշտ վերադարձած եմ ջերմ ու քաղցր տպաւորութիւններով, զգացողութիւններով, երբեմն ալ` յուզմունքով: Մեծ հպարտութեամբ աւելի քան երկու անգամ այցելած եմ Արցախ, որուն շնորհիւ մէջս առաւել եւս ամրապնդուած է ազգային զգացումը»: