Բարեգործական Ծրագիրներով Արցախ Այցելած են Թեհրանի «Զարթօնք» Պարախումբի Անդամները (լուսանկարներ)
Թեհրանի «Զարթօնք» պարախումբի անդամները բարեգործական նախաձեռնութեամբ այցելած են Արցախ:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ «Զարթօնք» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Լորեթա Աւետիսեանը ըսած է, որ իրենք այցելած են Հադրութի շրջանի Առաջամուղի, Կարմրակուճի, Մարտակերտի շրջանի Կիչանի կրթօճախներ եւ Ստեփանակերտի Քրիստափոր Իվանեանի անուան ռազմամարզական վարժարան:
Թեհրանի մէջ կազմակերպած ենք մեր պարախումբի բարեգործական համերգը. Իբրեւ արդիւնք հաւաքուած ողջ հասոյթը մենք նուիրաբերած ենք Արցախին: Ստեփանակերտի Ք. Իվանեանի անուան ռազմական վարժարանին նուիրաբերած ենք վերնաշապիկներ, Կիչանի դպրոցի երեխաներուն` մարզական համազգեստ, գնդակներ եւ video projector. վերջինիս միջոցով անոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիտելու տեսանիւթեր: Առաջամուղի, Կարմրակուճի կրթօճախներուն ալ նուիրաբերած ենք գրատախտակներ, շերտավարագոյրներ եւ մարզական իրեր»,- աւելցուցած է Լ. Աւետիսեանը եւ նշած, որ Արցախին աջակցելու իրենց առաքելութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:
Խօսելով Արցախի մէջ իրականացուած նախկին ծրագիրներուն մասին` Լ. Աւետիսեանը տեղեկացուցած է, որ 2017-ին եւս իրենք օժանդակութիւն ցուցաբերած են Մարտակերտի շրջանի Կիչանի եւ Նոր Ղազանչիի միջնակարգ դպրոցներուն:
Այցին ընթացքին «Զարթօնք» պարախումբի անդամները այցելած են զօրամասեր, առաջնագիծ` զինուորներուն յանձնելով նուէրներ: Անոնք Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած են Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն:
Անոնք ծրագիր ունին յառաջիկային հանդէս գալու Արցախի մէջ։
«Մեր պարախումբի 153 անդամները Թեհրանի մէջ ո՛չ միայն ազգային մշակոյթ կը սորվին եւ կը պահպանեն, այլեւ մենք անոնց մէջ հայրենասիրութիւն կը սերմանենք: Արցախը եւ Արցախի սահմանները պաշտպանող զինուորները մեզի` իրանահայերուս սրտին մէջ առաջնային ու կարեւոր տեղ ունին»,- աւելցուցած է Լ. Աւետիսեան:
Այցին ընթացքին «Զարթօնք» պարախումբի անդամները հանդիպումներ ունեցած են ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի, ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներու հետ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Փետրուար 13-ին, Արցախի «Մայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Յասմիկ Միքայէլեանը «Զարթօնք» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Լորեթա Աւետիսեանին պարգեւատրած է «Մայրական երախտագիտութիւն» մետալով:
Նշենք, որ «Զարթօնք» պարախումը ստեղծուած է 1989 թուականին եւ այս տարի կը լրանայ անոնց գործունէութեան 30-ամեակը: