Ցեղասպանութեան Մասին «Քանդելու Մտադրութիւն» Ֆիլմի Տարածման Նպաստելու Կոչ

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըրի պատրաստած վաւերագրական նոր ֆիլմը՝ «Intent to Destroy: Death, Denial & Depiction» («Քանդելու Մտադրութիւն. Մահ, Ուրացում Եւ Ներկայացում») խորագիրով, համաձայնութիւն գոյացուցած է «Theatrical On Demand» ծրագիրին հետ, որ առիթ կ՛ընծայէ ֆիլմը միայն մէկ գիշերուան համար ցուցադրելու՝ շարք մը քաղաքներու մէջ։

«Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարի հրապարակ իջած այս ֆիլմը ցարդ ցուցադրուած է Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պոսթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի շարժապատկերի սրահներու մէջ։ Ֆիլմը ծնունդ առած է «Խոստումը» շարժապատկերի արտադրութեան օրերուն, երբ Պերլինկըր ոչ միայն վաւերագրած է ֆիլմը եւ անոր նիւթը, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրոյցներ ունեցած է շարք մը մտաւորականներու, պատմաբաններու եւ արուեստագէտներու հետ:

«Theatrical On Demand» ծրագիրին միջոցաւ ցուցադրութիւնները կրնան իրականանալ, եթէ նախօրօք նուազագոյն թիւով տոմսեր կարելի ըլլայ ծախել։ Նման ցուցադրութիւններ կազմակերպողները 5 շաբաթէն 4 ամիս ժամանակ ունին՝ նուազագոյն տոմսերու վաճառքը ապահովելու համար։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել haigboyadjian@yahoo.com հասցէին։

Scroll Up