Թուրքիոյ ՄԷջ Մահացած Է Յայտնի Հայ Բժիշկ Յակոբ Կոթողեանը

Թուրքիոյ մէջ 79 տարեկան հասակին մահացած է յայտնի հայ բժիշկ, մաշկաբան Յակոբ Կոթողեանը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը:

Փրոֆէսորի մահուան մասին թուիթերեան իր պլոկին մէջ յայտնած է Քեմալական հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողանը` նշելով, որ երկիրը կորցսնցուցած է ամենանշանաւոր մաշկաբաններէն մէկը: «Աստուած հոգին լուսաւորէ»,- հայերէն գրած է խորհրդարանի պատգամաւորը:

Յակոբ Կոթողեան ծնած է 1939 թուականին Պոլիս, ուր անոր  ծնողները` Գիրգոր Կոթողեանն ու տիկին Մաքրուհին տեղափոխուած էին Եօզղաթէն: Դպրոցն աւարտելու տարին աշխատած է արհեստանոցի մը մէջ, ուր կը զբաղէին արծաթի մշակմամբ: Այստեղ հաստոցներէն մէկուն  տակ կը կորսնցնէ ձեռքը: Հիւանդանոց տեղափոխուած Յակոբին բժիշկներն ապրելու յոյս չեն տար: Վիրահատութենէն յետոյ օրեր շարունակ կը մնայ անգիտակից վիճակի մէջ, սակայն ի վերջոյ դուրս կու գայ անգիտակից վիճակէն  եւ կը շարունակէ ապրիլ:

Յետագային մէկ ձեռք ունենալու համար կը ստանայ «Անթեւ Յակոբ» մականունը: Մաշկաբանութեան վերաբերեալ երկու գիրքի հեղինակ է, անոր մօտ հիւանդներ կու գային աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

 

 

 

Scroll Up