Սրբոց Վարդանանց Տօնը Արժանաւորապէս Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ 451 թուականին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած Սրբոց Վարդանանց: Պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի ուղղեց Վարդանանց տօնի պատգամը:
Պատարագի աւարտին վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին մայրավանքի «Շնորհալի» երգչախումբը վարդանաշունչ երգերով վերակենդանացուց Վարդանանց ոգին: Յայտագիրին ընթացքին մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներէն մին արտասանեց Ս. Վարդանին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը ուղղեց օրուան պատգամը եւ ըսաւ, թէ հայ ըլլալ կը նշանակէ ամէն օր հայօրէն ապրիլ ու մասնակից դառնալ մեր հաւաքական կեանքին` ընդգծելով, որ մերժելի են լուսանցքայնացման ու կրաւորական կեցուածքները հայ ինքնութեան հանդէպ: Հայը պատմութեան ընթացքին ինքզինք արտայայտած է ու իր ինքնութիւնը պահած հաւաքական կեանքով եւ պայքարով, ինչպէս նաեւ միշտ համախմբուած է իր հաւատքին, մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն շուրջ, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այսօրուան պատգամը Վարդանանց ոգիին, հաւատքին, վճռակամութեան ու տեսիլքին հաւատարիմ մնալ է: