Վիրահայոց Թեմէն Ներս Աւարտեցաւ Բուն Բարեկենդանին Նուիրուած Հարիսայի Փառատօնը

2018 թուականի փետրուար 11-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցով նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանը: Մեծ Պահքին նախորդող տօնական օրը Վիրահայոց Թեմի գործող եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Բուն Բարեկեդանին նուիրուած էր նաեւ Հարիսայի շաբաթ-փառատօնը, որ Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի աջակցութեամբ կազմակերպած էր Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը: Թիֆլիսահայ համայնքին մէջ գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած այս փառատօնը կը կազմակերպուի արդէն վեցերորդ անգամ: Տարիէ տարի ընդարձակուելով` այն վեր ածուած է ժողովրդական տօնահանդէսի, այս անգամ արդէն դարձած թեմական ձեռնարկի, երբ տեղի կ’ունենայ խմբովի հիւրասիրութիւն ազգային այս ճաշատեսակով:

Բուն բարեկենդանին նախարդող շաբթուան ընթացքին հարիսայի փառատօններ իրականացուեցան Վրաստանի հայաբնական բազում շրջաններու եւ գիւղերու մէջ: Ջաւախքի մէջ հիւրասիրութիւնը ամենուրէք կ’ուղեկցուէր Նասլէթ Քեհեանի ղեկավարած «Վաչիան» ազգագրական համոյթի ու պարուսոյց Լուսինէ Մզիկեանի «Նաիրի» պարային համոյթի երգերով ու պարերով:

Փետրուար 11-ին տեղի ունեցաւ փառատօնի եզրափակիչ փուլը եւ այն իսկական տօնահանդէսի վերածուեցաւ Թեմի եկեղեցիներու բակերուն եւ անոր հովանիի ներքոյ գործող կեդրոններուն մէջ:

Թիֆլիսի մէջ, առտուընէ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոն կը շտապէին տիկնայք` բերելով հերիսայով լի կաթսաներ: Փառատօնին մասնակից  դարձած էին Թիֆլիսի հայ համայնքի տարբեր կառոյցները, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ եկեղեցասէր կանանց միութիւնը, Թեմի «Սբ. Մովսէս Խորենացի» նախակրթարանը, «Հայարտուն» կեդրոնի «Սբ. Ներսէս Շնորհալի» երգչախումբը, «Տարօն» եւ «Վանք» պարային համոյթները, տհոլի եւ տուտուկի խումբերը, «Շուշանիկ» միութեան անդամները, բազում կամաւորներ:

Լեփ-լեցուն էր դահլիճը: Սրահի երկայնքով շարուած իւղալի եւ համեղ հերիսայով շուրջ յիսուն կաթսաներն ու կաւէ կճուճները կը գեղեցկացնէին հայ տիկնայք` օրուան համարժէք իրենց տեսքով:

Բուն բարեկենդանի տօնակատարութեան ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Ճիճինաձեն, Իսանի շրջանային վարչութեան նախագահ Կախա Լաբուչիձեն, տեղակալ Գիորգի Ռչէուլիշուիլին, Իսանի շրջանի Սաքրեպուլոյի անդամ Իլիա Ջիշկարիանին, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեան, քաղաքի Սաքրեպուլոյի, Ժողովրդական պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչներ, հիւրեր:

Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Ռուբէն Սադոյեան ներկայացած էր տիկնոջ, դեսպանութեան աշխատակազմին հետ, բերելով իրենց պատրաստած հերիսան,

Իր օրհնաբեր ներկայութիւնը  բերած էր Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան:

Ձեռնարկը բացաւ Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան: Ան կարեւոր համարեց աւանդական ձեռնարկին նպատակը` ներդաշնակելով Մեծ Պահքի նախօրէին նշուող Բուն Բարեկենդանի տօնին հետ, պահպանել եւ սերունդներուն փոխանցել ազգային այս կերակրատեսակը, ժողովրդական աւանդոյթները եւ սովորութիւնները, նաեւ նշեց հերիսայի խորհուրդի մասին, այն կապելով Մուսա լերան հերոսական պաշտպանութեան հետ:

Ելոյթ ունեցողները շնորհաւորեցին ներկաները գեղեցիկ տօնին առիթով, մաղթեցին հոգիով եւ մարմնով ամրապնդուած անցնիլ Մեծ Պահքի ճանապարհը: Վիրահայոց թեմի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Վիրապ քահանայ Ղազարեանի կողմէ օրհնուեցան հերիսայով լի կաթսաները ու սկսաւ հիւրասիրութիւնը:

Դահլիճին մէջ տարածուեցաւ ուրախ երգն ու երաժշտութիւնը: Մէկը միւսին հետեւեցան մենակատարներու, տհոլի ու տուտուկի խումբերու գեղեցիկ կատարումները: Շուրջ հազար մարդ օգտուեցաւ այս կերակրատեսակէն, օրհնուած հերիսայ փոխանցուեցաւ նաեւ հիւանդներուն եւ տարեցներուն:

Բուն Բարեկենդանի տօնը հերիսայի փառատօնով եւ ժողովրդական մեծ տօնահանդէսով նշուեցաւ նաեւ Վիրահայոց թեմի Ախալքալաքի Սուրբ խաչ եւ Ախալցխէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կեդրոնական եկեղեցիներուն մէջ, Պաթումի Ալեքսանդր Մանթաշեանց, Ռուսթաւիի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Նինոծմինտայի Ռաֆայէլ Ջաւախ հոգեւոր, կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոններուն մէջ: Մինչեւ ուշ ամենուրէք կը թեւածէր Բուն բարեկենդանի եւ անուշաբոյր հերիսայի պարգեւած ուրախ տրամադրութիւնը:

Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր մասնակիցներուն` Վիրահայոց թեմի առաջնորդին եւ հոգեւոր դասին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, «Բեբոս լաւաշի» ընկերութեան, «Սուրբ Էջմիածին» եկեղեցւոյ խաչի քաւոր Կարէն Սարգսեանին, անհատ բարերար Լեւոն Մխիթարեանին եւ միւս բարերարներուն, հերիսայի փառատօնի իրականացման ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւան

 

 

Scroll Up