Ինքզինքս Քիչ Մը Հայ Զգացի. Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԷջ Ֆրանսայի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Ժոնաթան Լաքոտ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/02/1-1-2.jpg)
Փետրուար 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոտը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց դեսպանի` Հայաստան գալէն առաջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումները եւ այն վառ տպաւորութիւնը, որ ան թողած է համայնքի ներկայացուցիչներուն վրայ, եւ նշեց. «Կարծում եմ, որ գտնւում էք մի երկրում, որը ամենաջերմ ու առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններն ունի Ֆրանսիայի հետ: Հայաստանում կայանալիք Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովը, կարծում եմ, ֆրանսիախօս հայկական համայնքներին հայրենիքի հետ կապելու մի նոր շրջափուլի սկիզբ կը դառնայ»:
Մեր համայնքը միշտ ջերմօրէն կը նշէ, որ երախտապարտ է Ֆրանսայի պետութեան ու ժողովուրդին, որ եղեռնէն մազապուրծ հայութեան բեկորները ընդունեցին, անոնց կեանքի եւ գոյութեան համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեցին, հնարաւորութիւն ընձեռեցին ֆրանսական բարեգութ հողին վրայ հայկական օճախներ ու համայնքներ հիմնելու: Ֆրանսայի մէջ հաստատուած հայութիւնը կազմակերպուած է, ներգրաւուած ֆրանսական հասարակութեան, իր նպաստը բերած երկրի զարգացման` միաժամանակ պահպանելով իր ազգային նկարագիրը: Ինչպէս Շարլ Ազնաւուր բնորոշած է, անոնք 100 տոկոսով ֆրանսացի են եւ 100 տոկոսով հայ»:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս բազմաթիւ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին նաեւ հայկական Սփիւռքի մէկ միլիոնանոց ֆրանսախօս համայնքներուն մէջ: Մինչեւ ամառ մենք պիտի քոյրացնենք Ֆրանսայի մէջ գործող ամէնօրեայ հայկական դպրոցները Հայաստանի տարբեր դպրոցներու հետ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպան Ժոնաթան Լաքոտը նշեց, որ իրեն համար Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան ըլլալը կը նշանակէ ապրիլ ծայրաստիճան հիւրընկալ երկրի մէջ եւ գործ ունենալ կազմակերպուած ու կարող հայկական համայնքի հետ. «Այո, Հայաստան գալէ առաջ ես գացի Մարսէլ, այցելեցի «A.R.A.M» թանգարան, ընթերցեցի գաղթական հայերու տպաւորութիւնները, հանդիպեցայ համայնքին հետ ու ինքզինքս քիչ մը հայ զգացի: Եւ հիմա ամէն շաբաթ ես կը լսեմ որեւէ ձեռնարկի մասին կամ կը մասնակցիմ նոր ձեռնարկի, որուն նախաձեռնողը Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայցուցիչներն են: Կը կարծեմ` այս տարի, ինչպէս Նախագահ Մաքրոն հաւաստեց հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ, ապրիլ 24-ը որպէս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր կ’ըլլայ ոչ միայն ձեր, այլ նաեւ ֆրանսական օրացոյցին մէջ»: Դեսպանը կարեւոր նկատեց Երեւանի մէջ ֆրանսական համալիր կրթօճախ ստեղծելը` ամբողջացնելով մանկապարտէզ, տարրական, հիմնական եւ աւագ դպրոցի եւ ֆրանսական համալսարանի շղթան, որպէսզի Հայաստան ապրող ֆրանսացիներուն եւ ֆրանսախօս հայերու երեխաները լիարժէք կրթութիւն ստանան: Ան խօսեցաւ նաեւ ինֆորմատիկայի լիսէ բանալու նախաձեռնութեան մասին, որ յետագային պիտի դառնայ համալսարանի բաժիններէն մէկը:
Նախարարը եւ դեսպանը համակարծիք էին որ Երեւան-Մարսէլ եւ Երեւան-Լիոն չուերթներու բացումը պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան եւ տնտեսական կապերու զարգացման: