Նախագահի Նստավայրին ՄԷջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Պուլկարական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

Պուլկարիոյ նախագահի պետական այցի ծիրէն ներս Նախագահի նստավայրին մէջ այսօր նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռումէն Ռատեւի առանձնազրոյցէն յետոյ կայացած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, որմէ յետոյ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան միջեւ շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Մասնաւորապէս ստորագրուած են` «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ գաղտնի տեղեկատուութեան փոխադարձ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը, «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան միջեւ աշխատանքային գաղթականութեան կանոնակարգման մասին» համաձայնագիրը, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ կապի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը, «Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան միջեւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ 2018-2020թթ. համագործակցութեան մասին» գործնական ծրագիրը:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Ռումէն Ռատեւը հանդիպման արդիւնքներն ամփոփած են զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու առջեւ յայտարարութիւններով: Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ նախագահները պատասխանած են նաեւ լրագրողները հետաքրքրող հարցումներուն: