Իրան-Հայաստան Երրորդ Ելեկտրահաղորդման Գիծը Մօտ Ապագային Շահագործման Պիտի Յանձնուի

Իրան-Հայաստան երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծը մօտ ապագային շահագործման պիտի յանձնուի։ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին նշած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյետ Քազեմ սաճատին:

«Յուսով եմ, որ մօտ ապագային ականատես կ՛ըլլանք այդ իրադարձութեան»,-ըսած է ան: Պայմանաւորուածութեան համաձայն, Իրան արտահանուելիք ելեկտրականութեան դիմաց Հայաստան կազ պիտի ստանայ:

Դեսպանը նշած է նաեւ, որ  Իրան պատրաստ է յարմար գիներով կազ վաճառելու Հայաստանի Հանրապետութեան: «Մենք այս հարցը կը քննարկենք, եւ ես յուսով եմ, որ այս հարցով յառաջընթացը շուտով կը տեսնէք: Եթէ Հայաստանը ուժանիւթի ոլորտին մէջ քիչ մը աշխուժնայ, կը կարծեմ, շատ մեծ քայլեր պիտի ձեռնարկուին, եւ ատիկա պիտի նպաստէ, որպէսզի Հայաստանի մէջ աշխատատեղեր ստեղծուին»,-ըսած է Սաճատին:

Ան եւս մէկ անգամ փաստած է, որ Հայաստանն ու Իրանը ուժանիւթի ոլորտին մէջ շատ լաւ համագործակցութիւն կ՛իրականացնէ: «Մենք կը ծրագրենք SUAP-ի ծիրէն ներս եւս համագործակցութիւն ձեւաւորել»,- աւելցուցած էՀայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը:

Իրան–Հայաստան 400 ք․ուաթ երրորդ  ելեկտրահաղորդման գիծի եւ «Նորաւան» ենթակայանի կառուցումը հնարաւորութիւն պիտի տայ երկու երկիրներու ելեկտրահամակարգերու միջեւ ելեկտրականութեան փոխանակման հզօրութիւնը 350 մ․ուաթէն հասցնել մինչեւ 1000 մ․ուաթի եւ պիտի բարձրացնէ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի հարաւային եւ կեդրոնական հատուածներու կապի յուսալիութիւնը, երկու երկիրներու ուժանիւթի համակարգերու զուգահեռ աշխատանքի յուսալիութիւնը եւ Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան մակարդակը:

Scroll Up