Հայաստանի Դրօշը Կը Տանի Դահուկավազորդ Միքայէլ Միքայէլեան

Այսօր Փհենչեանի «Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ» տեղի կ’ունենայ 23-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Խաղերու բացման Հայաստանի դրօշը կը տանի դահուկավազորդ Միքայէլ Միքայէլեան: Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ ողիմպիական շքերթին կը մասնակցին նաեւ պատուիրակութեան ղեկավար Գագիկ Բոլշիկեան, ողմիպիականներ Քաթիա Գալստեան, Աշոտ Կարապետեան, դահուկավազքի եւ լեռնադահուկային մարզաձեւի Հայաստանի հաւաքականներու մարզիչներ Արթուր Միքայէլեանն ու Սէյրան Յարութիւնեանը, եւ Հայաստանի դահուկային մարզաձեւի ընկերակցութեան գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան:
23-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու մեկնարկը կը տրուի փետրուար 9-ին, Երեւանի ժամանակով 15:00-ին: