Վիք Տարչինեան Բռնցքամարտիկի Ասպարէզը Պիտի Աւարտէ

Այս օրերուն Երեւան կը գտնուի արհեստավարժ հայ բռնցքամարտիկ, քանի մը վարկածով աշխարհի տիտղոսակիր եւ աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վախթանգ Տարչինեանը: Բռնցքամարտիկը հայրենիք բերած է կարօտը:
Վերջին շրջանին արհեստավարժ ռինկի վրայ Վիք Տարչինեան անունը գրեթէ կը բացակայի: Բռնցքամարտիկը մարզիկի ասպարէզը աւարտելու եզրին է: ՀԱՕԿ լրատուականի հետ զրոյցի ընթավքին Տարչինեան պատմած է, թէ ինչը զինք ստիպած է երկար դադարէ ետք նորէն ռինգ մտնել, ինչով կը զբաղի հիմա եւ ինչ նպատակներ ունի ասպարէզը աւարտելէն ետք:
«2017 թուականի սկիզբը արդէն աւարտած էի ասպարէզս, թէեւ այդ մասին չէի յայտարարած: Բայց, Ռուսիայէն առաջարկ ստացայ մենամարտիլ Եւգենի Գրադովիչի հետ, որ աշխարհի ախոյեանի գօտի ունի:
Անոնց ըսի, որ աւարտած եմ ասպարէզս, բայց եթէ 20 օր ժամանակ տան` վերջնական կը պատասխանեմ: Այդ ընթացքին մարզավիճակ ձեռք բերելու համար մենամարտեցայ թայլանտցի բռնցքամարտիկի մը հետ: Անոր շատ արագ յաղթեցի նոքաուտով: Չեմ կրնար ըսել ` վատ բռնցքամարտիկ էր, ունէր եւ յաղթանակներ, եբւ պարտութիւններ: Զգացի, որ պատրաստ եմ: Զանգեցի եւ ըսի, որ կը մենամարտիմ Գրադովիչի հետ, կրնանք օր ճշդել: Նախնական պայմանաւորուեցանք մենամարտելու Սեպտեմբերի սկիզբը:
Անոնք խնդրեցին մենամարտիս տեսագրութիւնը ուղարկեմ, որ սկսին պայմանագիրը պատրաստել: Զայն տեսնելէն ետք հրաժարեցան: Անոնք կը մտածէին, որ տարիքոտ եմ, չեմ կրնար խաղալ: Բայց տեսագրութենէն ետք հասկցան, որ ես միայն յաղթանակի համար պիտի մենամարտիմ: Կը կարծեմ` վախցան գօտին կորսնցնելէն: Գրադովիչը նոյնպէս տարիքով է, այդ դէպքէն ետք ան աւարտեց իր ասպարէզը:
Շատոնց կը ցանկայի անոր հետ մենամարտիլ, եւ գօտիի համար պայքարը ինծի ստիպեց կրկին ռինգ մտնելու: Երկար ժամանակ Գրադովիչը կը հրաժարուէր իմ դէմս մրցելէն: Ատոր համար երբ առաջարկ ստացայ սկսայ մտածելու այդ ուղղութեամբ: Այժ նոյնպէս, եթէ ան ցանկայ` ես կը համաձայնիմ:
Պատրաստ եմ մենամարտելու միայն ախոյեանութեան գօտիի համար: Մինչեւ այս տարուան կէսը պիտի սպասեմ, եթէ լաւ առաջարկ չեղաւ` բռնցքամարտիկի ասպարէզս պիտի աւարտեմ»,- ըսած է Վիք Տարչինեան:
Իսկ անկէ ետք ինչով պիտի զբաղի` մարզիկը դեռ չէ որոշած: Կ՛ըսէ առաջարկներ շատ կան, պէտք է մտածել:
«Կը ցանկամ օգնել բռնցքամարտիկներուն: Այս պահուն Աւստրալիոյ մէջ կը մարզեմ երկու հայ բռնցքամարտիկներ, որոնք Չեխիայէն են: Կ՛ուզեմ ակումբ հիմնել Միացեալ Նահագներու մէջ»,- նշած է մարզիկը: