Գրողներու Միութեան Մէջ Կայացաւ Անժէլա Սահակեանի «Ճշմարտութեան Պարտադրանքով» Գիրքի Թրքերէն Թարգմանութեան Շնորհանդէսը

Փետրուար 7-ին լեփ-լեցուն էր Հայաստանի գրողներու միութեան դահլիճը: Հաւաքուած էին մտաւորականներ, գրականագէտներ, պատմաբաններ, լրագրողներ` մասնակցելու սիրուած հեռուստալրագրող, մտաւորական, գրող, հրապարակախօս, այժմ Փարիզի մէջ բնակող Անժելա Սահակեանի «Ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքի թրքերէն թարգմանութեան շնորհանդէսին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան: Կարեւոր համարելով ձեռնարկը` վերջինս ներկաներուն ծանօթացուց Անժելա Սահակեանի գրական աշխարհի ու գործունէութեան հետ, ըսելով, որ նմանատիպ հանդիպումները շարունակական պիտի ըլլան եւ հանրութեան պիտի ծանօթացնեն Սփիւռք ապրող ու ստեղծագործող ժամանակակից գրողներուն ու մտաւորականներուն: Իր խօսքին մէջ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահը աւելցուց, որ Անժելա Սահակեանի գիրքերը մօտ ապագային պիտի թարգմանուին նաեւ անգլերէն, ռուսերէն ու գերմաներէն:

Ելոյթին աւարտին Էդուարդ Միլիտոնեան գրական երկարատեւ վաստակի ու հայանպաստ գործունէութեան համար Անժելա Սահակեանին պարգեւատրեց Հայաստանի գրողներու միութեան յուշամետալով:

Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցան նաեւ գրականագէտ Արմէն Յովհաննիսեան, Անոյշ Վարդանեան, գիրքի թրքերէնի թարգմանիչ ու խմբագիր Յակոբ Չաքրեան, ինչպէս նաեւ հեռուստալրագրող Ժաննա Ղօչիկեան, Մշակոյթի հայկական ֆոնտի նախագահ, գիրքի յառաջաբանի ու վերջաբանի հեղինակ Արեւշատ Աւագեան: Վերջինս նշեց, որ նախորդ օրը սիրուած մտաւորականը պարգեւատրուած է Ֆրիտեոֆ Նանսենի մետալով:

Ձեռնարկին աւարտին ելոյթ ունեցաւ Անժելա Սահակեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց մտաւորականներուն` զերծ մնալու բարոյական արժէքներու աղաւաղումէն ու խեղաթիւրումէն:

Անժելա Սահակեան աւելի քան 15 տարի` կ’ապրի Փարիզի մէջ: Ծնած է 1952 թուականի յուլիս 1-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ:

Աշխատած է Հայկական հեռուստատեսութեան մէջ, գիրքերու, ֆիլմերու հեղինակ է:  Այսօր Փարիզի «ԱՅՊՖՄ» ձայնասփիւռի մեկնաբանն է, «Արցախապատում», «Հայ մամուլի տեսութիւն» եւ «Բաց նամակ ճշմարտութեան պարտադրանքով» հաղորդաշարերու հեղինակը եւ վարողը:

«Ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքին մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ջարդերու, բռնութիւններու, ինչպէս նաեւ Արցախեան պատերազմի եւ առ այսօր շարունակուող ցեղասպանութեան մասին փաստեր: Գիրքին մէջ անժխտելի հիմնաւորմամբ ներկայացուած են ինչպէս հեղինակային հրապարակումներ, այնպէս ալ ականատեսներու վկայութիւններ, փաստաթուղթեր:

Գիրքն ընթերցողին ներկայացուած է երկու խորագիրով: «Բաց նամակներ` ուղղուած աշխարհին» մասին մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններն ու փաստերը»: «Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» բաժինին մէջ անդրադարձ կատարուած է Սումգայիթի, Պաքուի ջարդերուն, Արցախի ազատագրական պայքարին ու Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

Գիրքը հրատարակուած է հայերէն, ֆրանսերէն ու թրքերէն:

Գարիկ Աւետիսեան

Լուսանկարները` Սիրարփի Կարապետեանի

 

Scroll Up