Հնդկաստանի Քաղաքներէն Մէկուն ՄԷջ Ապրող Վեց Հայերու Համար Ամէն Կիրակի Կը Հնչեն Եկեղեցւոյ Զանգերը

Հնդկաստանի մէջ գործող TheNewsMinutе կայքն անդրադարձած է երկրի հարաւային մասը գտնուող Չեննաի քաղաքին, ուր ընդամէնը 6 հայ կ’ապրի, որմէ չորսը` ընտանիքով:

Ըստ լրատուամիջոցի, տեղի հայերը կը ցանկան վերածնիլ համայնքը` համախմբուելով հայկական եկեղեցւոյ շուրջ, որուն զանգերը կրկին կը հնչեն:

TheNewsMinutе-ը կը գրէ, որ հայերը աւանդաբար հարուստ առեւտրականներ  եղած են եւ արտօնութիւններ ունեցած Հնդկաստանի մէջ, ու այդ ամէնուն հետքը դեռ կը պահպանուի Մատրասի, Կալկաթայի եւ Պոմպէյի մէջ, նաեւ հայերու փառահեղ անցեալին մասին կը յուշեն Չեննայի հայկական եկեղեցին ու հայկական փողոցը:

Չեննայիի վերջին հայը` Մայքլ Ստեֆանը, 2004 թ. տեղափոխուած է Պենկալոր, ուր կ’աշխատի աւագ տնօրէն` հաստատութիւններու կառավարման գիծով: Ան կ’ըսէ, որ ի տարբերութիւն Կալկաթայի, Պենկալորի մէջ հայկական եկեղեցի չկայ, ուստի ստիպուած կ’այցելէին կաթոլիկ եկեղեցիներ:

Չեննայիի 6 հայերը կը ցանկան վերածնիլ համայնքը: Այստեղ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1712-ին, ապա աւերուած ու կրկին վերականգնուած 1772 թ:

Այժմ եկեղեցին կրկին զանգեր ունի, որոնք պատուիրուած են Լոնտոնի մէջ, ատոնք ամէն կիրակի 9:30 կը ղօղանջեն:

Յօդուածին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ հայ հասարակական գործիչ, տպագրիչ, հայ առաջին պարբերականի` «Ազդարարի» հիմնադիր Յարութիւն Շմաւոնեանին եւ հայկական պետութեան կառավարման համար նախատեսուած օրէնքներու ժողովածու համարուող «Որոգայթ Փառաց» գիրքին, որ 1773-ին հրատարակած է Շահամիր Շահամիրեան: Երկու կարեւոր իրադարձութիւններն ալ կը կապուին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին հետ: Այդ մասին Մայքլ Ստեֆան կը պատմէ:

Վեց հայերէն մէկն ալ Չեննայի տեղափոխուած Աշխէնն է, որ ռուսերէն կը դասաւանդէ, իսկ Մատրասի հայկական եկեղեցին կը համարէ փոքրիկ Հայաստան: Աշխէնին Հնդկաստան  բերած է սէրը:

Պատրաստեց Գոհար ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լուսանկարները` TheNewsMinutе

Աղբիւրը` aravot.am

Աշխենը` ամուսնու հետ

 

Scroll Up