Համերգ` Նուիրուած ՀՀ Ժողովրդական Արտիստ, Երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի Յիշատակին

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Փետրուար 5-ին, ժամը 19:00-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ պիտի կայանայ համերգ` նուիրուած ՀՀ ժողովրդական արտիստ, երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին:

Անուանի երգչուհիի ծննդեան օրը` Փետրուար 5-ին, կայանալիք համերգին պիտի մասնակցին հանրապետութեան հանրածանօթ երգիչ-երգչուհիներ, ստեղծագործական խումբեր:

Սիրուած երգչուհիի երկացանկի յայտնի ստեղծագործութիւնները պիտի ներկայացնեն Ռուբէն Մաթեւոսեանը, Քրիստինէ Պեպելեանը, Զարուհի Բաբայեանը, Լէյլա Սարիբէկեանը, Սոնա Շահգելդեանը, Ալլա Լեւոնեանը, Արսէն Գրիգորեանը, Թեհմինէ Պօղոսեանը, Էլֆրիտա Գէորգեանը եւ այլք:

Scroll Up