Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբը «Թրքական Թռիչքուղիներ»-ով Չթռչելու Կոչ Ըրած է

Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը (ANCA) կոչ ըրած է չթռչելու թրքական Turkish Airlines թռիչքուղիներով:
«Թռչեցէք «Turkish Airlines»-ով, եթէ կը փափաքիք հարստացնել անոնց գլխաւոր բաժնետէրը` լրագրողներ ձերբակալող, այլախոհներ ոչնչացնող, Կիպրոսը գրաւող, քրիստոնեաները ճնշող, քիւրտերը սպաննող եւ հայերու, յոյներու, ասորիներու ցեղասպանութիւնը հերքող Էրտողանի վարչաձեւը»,- գրուած է կազմակերպութեան Twitter-ի էջին մէջ: