Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Բրիտանահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Լոնտոնի հայկական Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ՀՀԿ կողմէ որպէս ՀՀ նախագահ թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այն նպատակ կը հետապնդէր մտքեր փոխանակել բրիտանահայ համայնքին հետ:
Յիշեցնենք, որ Նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի թեկնածու առաջադրուելու առաջարկն ընդունելէ առաջ կարեւոր համարած էր տարբեր շրջանակներու, ներառեալ` սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունենալը:
Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը պատահական չէր, քանի որ երկար տարիներ հէնց այս համայնքի անհատները տարբեր առիթներով շփուած են եւ համագործակցած Արմէն Սարգսեան անհատի, գիտնականի եւ դեսպանի հետ` օժանդակելով անոր գործունէութեան ու միաժամանակ ստանալով անոր գործուն աջակցութիւնը տարբեր ծրագիրներու իրագործման հարցին մէջ:
Ինչպէս եւ կ’ակնկալուէր ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէին այս հանդիպման: Ինչպէս յիրաւի իր խօսքին մէջ նշեց Արմէն Սարգսեան` իրեն վստահուած բարձր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ առաջ անհրաժեշտ էր խորհրդակցիլ այս մեծ հայկական ընտանիքին հետ, ինչպիսին է բրիտանահայ համայնքը:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` շնորհակալութիւն յայտնելով Հանրապետութեան նախագահին եւ Հանրապետական կուսակցութեան, ան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ նոր Սահամանդրութեան ընդունմամբ նախագահի լիազօրութիւնները կրած են որոշ փոփոխութիւններ, քանի որ Հայաստան կ’անցնի խորհրդարանական կառավարման ձեւին: Ան կարեւոր համարեց առաւել ժողովրդավարական երկիր կառուցելու եւ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման հարցով Հայաստանի քաղաքացիներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել խորացումն ու ամրապնդումը:
Իր խօսքին աւարտէն ետք Արմէն Սարգսեան ներկաները հրաւիրեց բարձրաձայնելու իրենց կարծիքները, մտահոգութիւններն ու յուզող հարցերը:
Շատերն իրենց խօսքին մէջ նշեցին, որ թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ մասնագիտական առումներով վերջինս լիովին կրնայ այդ պաշտօնին մէջ լաւագոյնս դրսեւորել իրեն, իսկ առկայ լայն կապերն ու հնարաւորութիւնները ծառայեցնել ի շահ հայրենիքին:
Բրիտանական հողին վրայ բնակող հայկական մեծ ընտանիքը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արմէն Սարգսեանին եւ կոչ ըրաւ անոր գործի անցնիլ եւ միասնական ուժերով առաջ տանիլ յանուն հայրենիքի բարօրութեան տարուող այնչափ ծանր, բայց եւ` պատուելի աշխատանքը: