Ֆրանսայի ՄԷջ Երիտասարդական Տարուայ Տօնակատարութիւնները Սկսան. տեսանիւթ
Ֆրանսայի երիտասարդ հայերը, շաբաթ, Յունուար 13-ին, առաջնորդի եւ հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ, հոգեւոր երգերով, աղօթքներով եւ Աստուածաշունչի ընթերցմամբ, նշեցին Նոր Տարին հին օրացոյցի համաձայն: Այս ձեւով անոնք Երիտասարդական Տարուայ տօնակատարութիւնները սկսան: Յայտնի է թէ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2018 տարին հռչակած է Երիտասարդութեան Տարի: Ինչպէս Հայերն այսօր-ին կը հաղորդեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդարանէն:
Արարողութիւնը, հոգեւորականներու եւ երեկոն կազմակերպող Եկեղեցասէր Երիտասարդներու դէպի խորան երթով սկսաւ: Եկեղեցին լեցուած էր բոլոր տարիքի հաւատացեալներով: Նախ ողջոյնի ուղերձով հանդէս եկաւ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, այնուհետեւ խօսք առաւ Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդներու Նախագահ Լուսին Արզումանեան: Իր կարգին, ան բացատրեց այս տօնին կարեւորութիւնը ու նշանակութիւնը, քանի որ Փարիզի հայկական մայր տաճարին մէջ առաջին անգամ է որ կը կազմակերպուէր նման արարողութիւն մը: Ծրագիրը սկսաւ իրիկուան աւանդական ժամերգութեամբ, որուն յաջորդեցին Աւետարանի երգեր եւ Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի թեմայով ֆրանսերէն եւ հայերէն հոգեւոր երգերու ցանկ մը. որոնցմէ եօթ հատը որ Աւետարանէ առնուած էր, երկու լեզուով կարդացուեցաւ: