Վոլկոկրատ Քաղաքի Հայկական Թատերախումբը Կը Պատրաստուի Նոր Ներկայացման

ՌԴ Վոլկոկրատ քաղաքի հայկական համայնքին կից գործող «Արտաւազդ» արուեստանոցը կը պատրաստուի նոր ներկայացման: Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած բեմադրութիւնը պիտի ըլլայ մեծ բանաստեղծի հեքիաթներու կերպարներով: Այս առիթով «Արտաւազդ»-ը կը յայտարարէ դերակատարներու ընտրութիւն (քասթինգ):

Երեք տարուան պատմութիւն ունեցող արուեստանոցի հիմնադիրը Կամօ Պետրոսեանն է, անդամները` Սաթենիկ Կուրղինեան, Յունան Աւետիսեան, Նարինէ Յարութիւնեան, Դաւիթ Պետրոսեան:

Առաջին աշխատանքը եղած է Լալվարենցի «Աղերս պապանձման» ներկայացումը, որուն յաջորդած են`  վ. Աճեմեանի «Խորոշօ», Հ. Սահեանի «Դու ինձ թողել էիր մենակ» բեմադրութիւնները: Յունուար 28-ին` Պ. Սեւակի ծննդեան օրուան առիթով, արուեստանոցը գրական երեկոյ  կազմակերպած էր:

««Արտաւազդ» արուեստանոցի նպատակն է ներկայացնել հայ արուեստը, չկորցնել ազգային դիմագիծը, ճանչնալ եւ հասկնալ հայկական մշակոյթը: Առանց լեզուի եւ կենդանի խօսքի Սփիւռքի մէջ մենք շատ արագ կը ձուլուինք եւ կը կորսնցնենք մեր ազգային դիմագիծը»,- «Հայերն այսօր»-իի հետ զրոյցին նշեց Կամօ Պետրոսեան` ընդգծելով, որ իրենց գերխնդիրն է նաեւ` մարդ ըլլալ եւ հայ մնալ:

Աւելցնենք, որ «Արտավազդ» արուեստանոցը այս տարուան հոկտեմբերին կը մասնակցի Ալավերտի քաղաքին մէջ իրականացուող «Թատերական Լոռի» փառատօնին, որ նուիրուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին:

 

 

Scroll Up