Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունած Է ՀՀ Նախագահի Թեկնածու Արմէն Սարգսեանը

Յունուար 31-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Հայաստանի Հանրապետական  կուսակցութեան կողմէ  ՀՀ նախագահի թեկնածու առաջարկուած Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Տեղեկատուական համակարգէն, զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդգծեց, որ ուրախ է ընդունելու Հայոց Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակը, որուն հայրենասէր ու եկեղեցանուէր ոգին իր գործնական դրսեւորումները ունեցած է անցնող տարիներուն ազգային կեանքին մէջ:

Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ պրն. Արմէն Սարգսեան դրական կ’արձագանքէ կատարուած առաջարկին` պետական կառավարման բնագաւառին մէջ իր փորձառութիւնը, հնարաւորութիւնները եւ Սփիւռքի հետ կապերը ծառայեցնելով հայրենի երկրին եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդին:

Իր հերթին պրն. Արմէն Սարգսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման առիթով, Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց ազգային կառոյցներու, հասարակութեան տարբեր հատուածներու եւ կուսակցութիւններու հետ ունեցած հանդիպումներու եւ սփիւռքեան համայնքներ ծրագրուելիք այցերու մասին:

Անդրադառնալով ՀՀ չորրորդ նախագահի հանգամանքին եւ առաքելութեան` ան ընդգծեց, որ երկրի կառավարման նոր պայմաններուն մէջ այն պիտի տարբերի նախորդներէն, անոր պիտի հաղորդուի նոր իմաստ եւ ձեւաւորուի նոր մշակոյթ:

Դրական որոշման կայացման պարագային Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարեց ողջ ազգի հոգեւոր առաջնորդի օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը:

Հանդիպման ներկայ էին ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան, Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան:

 

 

Scroll Up