Հայ համայքնի ներկայացուցիչները Գահիրէի ՄԷջ Մասնակցած Են Հայաստանին Նուիրուած Երեկոյին

Յունուար 29-ին Գահիրէի «Կոսմոպոլիտ» միջազգային ակումբը կազմակերպած էր Հայաստանին նուիրուած յատուկ երեկոյ, որուն ներկայ էին ակումբի անդամներ, Եգիպտոսի հասարկական եւ գործարար շրջանակներու, Գահիրէի հայ համայքնի ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ:
Հայաստանին նուիրուած հանգամանալից ելոյթով հանդէս եկաւ Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ ներկայացուց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անցած ուղին, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերութիւնները, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումային հնարաւորութիւնները, մշակութային առանձնայատկութիւնները, երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնն ու հայկական Սփիւռքի դերակատարութիւնը:
Դեսպան Մելքոնեան նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերուն ու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացքին: Հանդիպման աւարտին դեսպան Մելքոնեան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:
Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի մասին պատմող շարժանկարի ցուցադրութիւն եւ հայկական երաժշտութեան համերգ:
Տեղեկանք. «Կոսմոպոլիտ»-ը Եգիպտոսի մէջ գործող նշանաւոր ռոտարական ակումբներէն է, որ իր շարքերուն մէջ կը միաւորէ ինչպէս եգիպտացի, այնպէս ալ` օտարերկրացի տարբեր ոլորտներու գործիչներու: