Արցախի Մէջ Բացայայտեցի Ամենաջերմ Եւ Հիւրասէր Մարդոց. Սպանացի Լուսանկարիչ

Սպանացի ճանապարհորդ եւ լուսանկարիչ Ալեքս Տոմենեկն անցեալ տարի հանրակառքով ճանապարհորդած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որուն ժամանակ իր աչքով տեսած է շրջանին մէջ պատերազմի ձգած հետեւանքները:
Տոմենեկը իր ճանապարհորդութեան մասին պատմած է Business Insider կայքին եւ ներկայացուցած Ղարաբաղի մէջ առնուած լուսանկարներու շարքը:
Անոր խօսքով` Ղարաբաղի մէջ ան ապրած է Ստեփանակերտ` ընտանիքի մը պատկանող հիւրատան մէջ: «Ան ոչ միայն ապրած է հիւրատան մէջ, այլ նաեւ նախաճաշած ընտանիքին հետ: Ամէնօրեայ նախաճաշը կը ներառէր հաց, կարագ, ձու եւ տնական անուշ»,-նշուած է յօդուածին մէջ:
Տոմենեկ պատմած է, որ չնայած պատերազմին, Ստեփանակերտը «վերականգնուած եւ վերանորոգուած» տեսք ունեցած է իր այցելութեան ժամանակ: «Ես ինծի համար բացայայտեցի ամենաջերմ եւ հիւրասէր մարդոց»,-news.am-ի փոխանցմամբ` նշած է ան: