Արդարութեան եւ Ճանաչման Համար Պայքարը Մեր Պայքարն է. Մաքրոնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը մասնակցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամենամեայ ընթրիքին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ընթրիքին մասնակցած են նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Իլ-տէ-ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեգրեսը, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներ, ներառեալ` հայ պատգամաւոր Փաթրիք Տէւէճեանը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Գեբենեգեանը, Ֆրանսայի հայկական եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ընթրիքի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: Ընթրիքի ընթացքին ունեցած ելոյթով Մաքրոնը անդրադարձած է հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցերու, ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրներուն:
«Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է: Մենք այդ պայքարը կը տանինք յիշելով եւ Հանրապետութեան օրացոյցին վրայ ցեղասպանութեան յիշատակման համար օր ամրագրելով»,- նշած է Մաքրոնը` աւելցնելով, որ այդ հարցին շուրջ որոշումը պիտի ընդունուի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:
Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ պիտի փորձէ ներգրաւել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կանոնաւոր երկխօսութեան մէջ. «Երբեմն, հակառակ լրատուամիջոցներու ցանկութիւններուն»: «Ես անոր ըսած եմ այն ամէնը, ինչ կայ: Մեր արդիւնքը այս պարագային շարք մը լրագրողներու ազատ արձակումն է: Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան վերաբերեալ բազմաթիւ լաւ հիմնաւորուած կասկածներ կան, սակայն իմ կարծիքով արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ֆրանսայի ուղերձը դատարկութեան մէջ ուղղուած խօսք չէ»,- նշած է Էմանուէլ Մաքրոնը:
Ֆրանսայի նախագահը ջերմօրէն ողջունած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը` նշելով, որ վերջինիս ձայնը կը հնչէ երբեմն անհաւասար միջավայրի մէջ, սակայն ան շատ աւելի կարեւոր է, քան շատերուն բարձրակոչ յայտարարութիւնները: