Յաղթանակս կը Նուիրեմ Հայոց Բանակին. Արցախցի Մարզիկը` Աշխարհի Ախոյեան

Աշխարհի «Ultimax» դաշնութեան նախաձեռնութեամբ, Յունուար 27-28,  Վրաստանի Ռուսթաւ քաղաքին մէջ կայացած է խառն մենամարտերու (MMA) աշխարհի առաջնութիւն, որուն Արցախէն մասնակցած է «Արմֆայթինկ» դաշնութեան մարզիկ Արմէն Հայրապետեանը եւ դարձած է աշխարհի ախոյեան:

Artsakhpress.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Ա. Հայրապետեան ըսած է, որ ինքը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի MMA աշխարհի առաջնութեան:

Ախոյեանի խօսքով` առաջնութեան մասնակցած են աշխարհի 22 երկիր ներկայացնող մարզիկներ:

«Առաջին խաղի 26-րդ վարկեանին գիտարուեստական նոկաութի ենթարկած են Ռուսիոյ Դաշնութիւնը ներկայացնող մարզիկ Արսլանալի Գաճիմուրզաեւին եւ յաղթանակ արձանագրած` արժանանալով ոսկի գօտիի, մետալի եւ պատուոյ գիրի: Ինծի` արցախցի մարզիկիս,պատիւ է մասնակցիլ նման առաջնութեան եւ դառնալ աշխարհի ախոյեան»,- նշած է Ա. Հայրապետեան եւ ընդգծած,- «Յաղթանակս կը նուիրեմ հայոց բանակին»:

Scroll Up