Սփիւռքահայ Երիտասարդ Արուեստագէտները Մայր Աթոռին ՄԷջ Ցուցահանդէսներու Մասնակցելու Հնարաւորութիւն Ունին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ 2018 թ. հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի: Այս ուրախալի եւ ոգեւորիչ առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Թանգարանները` Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ եւ բարձր հովանիի ներքոյ, 2018 թ. ողջ ընթացքին պիտի իրականացնեն «Արարող ձեռքեր» խորագիրով ցուցահանդէսային նախագիծ:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Սուրբ Էջմիածինի Թանգարաններու տնօրէնութեան ֆէյսպուքեան էջին, կը յայտնէ, որ նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ արուեստագէտներուն` հանրութեան առջեւ հանդէս գալու, ներկայացնելու իրենց ստեղծագործութիւնները, մտորումները եւ գալիքի իրենց տեսլականը:
Ցուցահանդէսները պիտի բացուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ (Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սրահ), նիւթը ազատ է եւ կ’ընդգրկէ կերպարուեստի բոլոր ճիւղերը (գեղանկար, քանդակ, լուսանկար եւ այլն): Կազմակերպչական ողջ աշխատանքները պիտի իրականացնէ Սբ . Էջմիածինի թանգարաններու գրասենեակը:
«Արարող ձեռքեր» նախագիծին կրնան մասնակցիլ ուսանող եւ նորաւարտ երիտասարդ արուեստագէտները` դիմելով Սուրբ Էջմիածինի Թանգարաններու տնօրէնութիւն հետեւեալ հասցէով. web.facebook.com/HolySeemuseum/
դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ փետրուար 10 (անհրաժեշտ է ներկայացնել համառօտ ինքնակենսագրական, 5-10 ստեղծագործութեան լուսանկար):