Վալանսի ՄԷջ Պարգեւատրած Են Գրիգոր Ամիրզայեանն ու Թաթօս Յակոբեանը

Յունուար 20-ին Վալանսի հայ մշակոյթի տան մէջ Վալանսի ֆրանսացի, ծագումով հայ նախկին դիմադիրներու միութիւնը կազմակերպած էր իր տարեկան անդրանիկ ժողովը, որուն ներկայ էին միութեան նախագահ Ճորճ Երէցեանը եւ շուրջ երկու տասնեակ անդամներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն միութենէն, Ճորճ Երէցեան ներկայացուց նախորդ տարուան ընթացքին կազմակերպութեան կատարած աշխատանքները: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ կազմակերպութիւնը միշտ զօրավիգ եղած է Վալանսի հայկական համայնքի բոլոր ձեռնարկներուն, անդամ է «Ապրիլ 24» կոմիտէին: Միութիւն, որ կը համախմբէ Վալանսի եւ յարակից շրջաններու, Տրոմի եւ Արտէշի նահանգներու շուրջ 20 հայկական միութիւններ:
Ձեռնարկին ժամանակ Վալանսի ֆրանսացի, ծագումով հայ նախկին դիմադիրներու միութեան նախագահ յայտնի լրագրող-ծաղրանկարիչ, Վալանսի «Արմէնիա» միութեան նախագահ եւ «Ապրիլ 24» կոմիտէի համանախագահ Գրիգոր Ամիրզայեանին եւ Վալանսի հայ ռազմագերիներու դրօշակակիր Թաթօս Յակոբեանին պարգեւատրեց Նախկին դիմադիրներու ազգային ընկերակցութեան մետալով:
Իր խօսքին մէջ Ճորճ Երէցեան ըսաւ. «Մետալը Գրիգոր Ամիրզայեանին կը փոխանցուի իր կատարած հայրենասիրական աշխատանքին համար: Ան իր կատարած գործերուն եւ ստեղծած միութիւններուն շնորհիւ` միշտ բարձր կը պահէ Հայաստանի եւ հայու անունը հայկական եւ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն մէջ: Ան միաժամանակ Վալանսի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքի աշխոյժ անդամներէն է»:
Գրիգոր Ամիրզայեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւի համար եւ նշեց, որ չափազանց կարեւոր կը համարէ հայ ազգի համար կատարած աշխատանքը, որ պիտի շարունակէ մինչեւ կեանքին վերջը: