Ամերիկահայ Բարերարը 10 Մլն Տոլարի Բժշկական Սարքաւորումներ Եւ Գոյք Նուիրած Է ԶՈւ Ռազմաբժշկական Ծառայութեան

Յունուար 25-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելած է ՊՆ դեղօրայքի եւ բժշկական գոյքի կեդրոնական պահեստ, ծանօթացած ԶՈՒ ռազմաբժշկական ծառայութեան ամերիկահայ բարերար Մայք Սարիանի նուիրաբերած սարքաւորումներուն ու պարագաներուն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայանութեան հետ կապերու վարչութենէն, նուիրատուութիւնը, որ կը ներառէ շուրջ 100 անուանում բժշկական սարքաւորումներ եւ գոյք, փոխանցուած է «Լոյս» մշակութային, գիտական, կրթական հիմնադրամի միջոցով: Ամերիկահայ բարերարը զինուած ուժերու ռազմաբժշկական ծառայութեան նուիրաբերած է մեծաքանակ բժշկական սարքաւորումներ եւ գոյք, խնամքի պարագաներ, բժշկական ծախսուող նիւթեր, որոնց ընդհանուր արժէքը կը կազմէ մօտ 10 մլն տոլար:
Նուիրաբերուած բժշկական սարքաւորումներն են` շարժական X-ray, անզգայացման եւ արհեստական շնչառութեան սարքեր, ուլտրաձայնային հետազօտման սարքեր, տարրալուծարանի ախտորոշիչ սարքաւորումներ, հիւանդներու խնամքի ինքնագործ կառավարուող ներարկման համակարգեր եւ այլն: ՀՀ ՊՆ դեղօրայքի եւ բժշկական գոյքի կեդրոնին մէջ պահեստաւորուած սարքաւորումները եւ գոյքը, խնամքի պարագաներ ու ծախսուող նիւթեր, ըստ կարիքներու, պիտի բաշխուին զինուորական հիւանդանոցներուն:
Կարեւոր համարելով սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` սարքաւորումներու որոշ մասը պիտի յատկացուի սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական հաստատութիւններուն: