Սուրբ Ծնունդը Թուլուզի «Մեսրոպ Մաշտոց» Դպրոցին ՄԷջ

Յունուար 6-ին Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ գործող «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին մէջ տօնուեցաւ Սուրբ Ծնունդը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դպրոցէն, սաները մեծ հետաքրքրութեամբ  հետեւած են արարողակարգին: Ձեռնարկը օրուան խորհուրդը կրող բեմադրութիւն էր, որ կազմակերպուած էր ուսուցիչներուն կողմէ` Բաբուջեան Ռուզաննայի, որ կ’ուսուցանէ Հայոց լեզու եւ գրականութիւն կրտսեր եւ միջին խումբերուն, Շարոյեան  Աննայի, որ կը դասաւանդէ Հայոց լեզու եւ գրականութիւն աւագ խումբին, Թորոսեան Անահիտի (կ’ուսուցանէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն), Խաչատրեան Լիանայի (կը դասաւանդէ Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ), Սիմոնեան Դաւիթի (կ’ուսուցանէ հայկական երգ ու երաժշտութիւն), Սամսոնեան Աշխէնի (կը դասաւանդէ ազգային պար):

Կազմակերպչական հարցերուն իր ներդրումն  ունեցած է նաեւ դպրոցի ծնողական կոմիտէն, որ միշտ կ’աջակցի նմանատիպ ձեռնարկներու պարագային:

Թուլուզ քաղաքի սրտին մէջ գտնուող դպրոցը բոլորին համար իւրատեսակ Հայաստան  դարձած է, կարօտած հայ հող, հարազատ ու տաքուկ անկիւն: Այն դարձած է օճախ` սուրբ տուն, որ բոլորը կը պահեն ու պահպանեն:

Ֆրանսայի  բազմադարեան պատմական արժէք ունեցող այս կառոյցէն ներս երեխաներուն կ’ուսուցանեն հայոց գիրն ու գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը, հայ երգն ու պարը, եւ ի հարկէ, կը քարոզեն հայկական կրօնը`հաւատք դէպի Տէր Յիսուս Քրիստոս:

Կրթօճախին մէջ մշտապէս կը նշուի Սուրբ Ծնունդը, ուսուցիչները մշտապէս կը պատմեն Տիրոջ զօրութեան եւ բարի գործերուն մասին, իսկ երեխաները մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին կրօնի դասաժամերուն, անոնք քրիստոնէութիւն  կ’ուսուցանեն եւ խորապէս կը գիտակցին, թէ ինչ ըսել է` քրիստոնեայ ըլլալ:

Ամէն կիրակի քաղաքի հայ բնակիչներէն շատերը օրը կը սկսին «Մեսրոպ Մաշտոց» դպրոցին մէջ: Չափազանց լեցուն ու  ծանր շաբթուան մէկ օրը աշխատակիցները կը նուիրեն բարի ու սուրբ գործին, այդ օրը կ’անցնեն միասին` դպրոցի պատերուն ներքոյ, ուր օրը կը սկսի Հայոց այբուբենի հնչիւններով, կը շարունակուի Չարենց, Տէրեան ըսելով, մեր հարուստ պատմութիւնը թերթելով, սասունցիներու պարը պարելով, Կոմիտաս երգելով եւ աւարտելով Տէրունական աղօթքով: Թէեւ կ’ապրին հեռու հայրենի հողէն, սակայն դպրոցի շնորհիւ Թուլուզ ապրող երեխաները հայ կը մեծնան` հայասէր ու քրիստոնեայ:

Scroll Up