Լոս Անճելըսի Մէջ Նշուեցաւ Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 11-րդ Տարելիցը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/01/oia-dink.jpg)
Massispost.com-
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 11րդ տարելիցին առթիւ Յունուար 20, 2018, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, մասնակցութեամբ եկեղեցական հայրերու եւ տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պոլսահայ Միութեան կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարելիցին առթիւ: Յիշատակի հանդիսութեան ներկայ էին գաղութիս կրօնական յարանուանութիւններու եւ քաղաքական ու մշակութային ու հասարակական այլ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Հրանդ Տինքին եւ նոյն օրը Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ մահացած Սարգիս Հացպանեանին: (Նախատեսուած էր որ, Հացպանեան անձնապէս ներկայ գտնուի այս միջոցառումին ու այս առթիւ իրեն յանձնուի «Հրանդ Տինք» շքանշանը):
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պատշաճ արարողութիւն, նախագահութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւորականներու:
Բեմին վրայ զետեղուած էր ծաղկեպսակ մը, ինչպէս նաեւ մեծադիր լուսանկարները նահատակ Հրանդ Տինքի եւ Սարգիս Հացպանեանի:
Օրուան հանդիսավարն էր իրաւաբան Էտվին Մինասեան: Ան առանձնապէս ոգեկոչեց Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու ջատագով եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու արդար դատի պաշտպան Հրանդ Տինքի յիշատակը եւ նորոգ հանգուցեալ Սարգիս Հացպանեանի բարեմասնութիւնները:
Սարգիս Հացպանեանի կենսագրութիւնը կարդաց Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան եւ յայտնեց որ «Հոգիի Ազատութեան եւ արդարութեան տարեկան շքանշանը» հանգուցեալին յանձնուած է Լիոն քաղաքին մէջ իր մահէն առաջ:
Նշենք նաեւ որ Սարգիս Հացպանեան եղած է Հրանդ Տինքի մանկութեան ընկերն ու դասընկերը եւ մասնակցած Արցախի ազատագրական պայքարին:
Յաջորդաբար անգլերէն լեզուով ելոյթներ ունեցան U.S.C. համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններ եւ Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու դասախօս դոկտ. Սինան Պիրտալ, U.C.L.A. ի ականաւոր հետազօտող դոկտ. Լուքէն Շէնկիւլ եւ Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանի Խանզատեան Հայկական Ուսումնասիրութիւններու այցելու փրոֆ. դոկտ. Եքթան Թիւրքեըլմազ: Անոնք իրենց կատարած հետեւողական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութիւններու որպէս արդիւնք լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ ներկայ վարչակարգի հակաժողովրդավարական գործընթացը, որուն իբրեւ հետեւանք կաշկանդուած են մարդկային իրաւունքներն ու դեմոկրատական ազատութիւնները: Նմանապէս դատապարտեցին փոքրամասնութիւններու արդար իրաւունքներու անտեսումը, որուն իբրեւ հետեւանք առկայ դարձած է ժողովրդային պոռթկումը եւ որուն բանբերը հանդիսացած էր նահատակ Հրանդ Տինքը:
Հանդիսութեան երկրորդ մասը յատկացուած էր բեմին վրայ նստակեաց հարցազրոյցի, զոր պատշաճ ձեւով համակարգեցին U.C.L.A.ի իրաւաբանութեան փրոֆ. Ասլը Պալին եւ Էտվին Մինասեան: Վերեւ նշուած դասախօսները սիրայօժար կերպով ընդլայնուած բացատրութիւններ տուին ժամանակակից քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ անոնց հետ առնչութիւն ունեցող իրաւական եւ ընկերային հարցերու մասին: