Նախագահ Զօր. Միշել Աուն Հանդիպեցաւ Քուէյթի Լիբանանեան Գաղութի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Պետական պաշտօնական այցելութեամբ Քուէյթ իր կեցութեան օրերուն, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Երեքշաբթի 23 Յունուար 2018ի երեկոյեան, իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Պաշտօնական ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպանատան կողմէ: Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան, ընկերակցութեանբ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանի, ներկայ գտնուեցան նախագահին ու իր շքախումբին ի պատիւ սարքուած սոյն պաշտօնական երեկոյթին, ուր բարի գալստեան խօսք արտասանեց Քուէյթի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Մահեր Խէյր իսկ աւարտին նախագահը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:

Իր ժամանման օրը, Պայան պալատին մէջ նախագահ Աուն եւ երկրիս իշխանը ունեցան հանդիպում մը, իսկ երկու պետութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուները ունեցան ընդարձակ հանդիպում մը:

Scroll Up