Սիրոյ Եւ Խոհեմութեան Ձայն Մեծատաղանդ Հայ Բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեանի Ծննդեան 140-րդ Տարեդարձին Առթիւ

Ծնած է յունուար 21, 1878 թուականին Սթամպուլ- Օրթագիւղ թաղամասին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Սթամպուլի Ներսիսեան,Պերպերեան ,Կեդրոնական  հայոց վարժարանին մէջ: 1896 թ. որպէս առեւտրական պաշտօնեայ կը մեկնի Եւրոպա, ապա կը հաստատուի Եգիպտոս։ Կ՛աշխատակցի արեւմտահայ պարբերականներու մէջ, իսկ 1905 թուականին կը  հիմնադրէ «Շիրակ» պարբերականը ։

Օսմանեան Կայսրութեան Համիտեան բռնակալութեան անկումէն  յետոյ  «Շիրակ» պարբերաթերթը կը  տեղափոխուի Սթանպուլ : Թէքէեան կը հաստատուի  Սթամպուլի մէջ ու կը մասնակցի հայ ազգային ու հասարական կեանքի իրադարձութիւններուն: 1914 թ. կրկին կը մեկնի Եգիպտոս եւ կարճ ատենէ մը ետք, դարձեալ  կը վերադառնայ Սթանպուլ եւ կը խմբագրէ  «Ժողովուրդի ձայն» օրաթերթը, ապա  կը ստանձնէ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։

Պո­լիս վե­րա­դար­ձը ­Թէ­քէեա­նին առ­ջեւ լայն աս­պա­րէզ բա­ցաւ ոչ միայն գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի, այ­լեւ քա­ղա­քա­կան իր հա­մո­զում­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու ա­ռու­մով։ Ա­կա­նա­տե­ս դար­ձաւ Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծին, որ խոր հետք ձգեց ­Թէ­քէեա­նի «­Հա­յեր­գու­թիւն» շար­քի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ան նաեւ ե­ղաւ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մէ­կը ­Հայ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան-Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (հե­տա­գա­յին՝ 1920ին կազ­մո­ւած ­Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն), որ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Խորհր­դա­րա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։

Քաղաքական կեանքի պատճառներով  ստիպուեցաւ  կրկին ապաստան գտնել Եգիպտոսի մէջ, ուր մինչեւ կեանքին վերջը կը խմբագէ «Արեւ» օրաթերթը։

Մահացաւ 4 Ապրիլ1945 թուականին Եգիպտոս եւ թաղուեցաւ, Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ։

Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւնները ,Հայ բանաստեղծութեան հարուստ աշխարհի մէջ ունին  իրենց ուրոյն ու չքնաղ  տեղը :

1901 թ. Փարիզի մէջ  հրատարակուեցաւ Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու  առաջին ժողովածուն՝ «Հոգեր»ը եւ յաջորդաբար հրատարակուեցաւ «Հրաշալի Յարութիւն» (1914), «Կէս գիշերէն մինչեւ Արշալոյս» (1919), «Սէր» (1933), «Հայերգութիւն» (1943) եւ «Տաղարան» (1944) ժողովածուները։

Թէքէեանի գործերը ռոմանդիզմի իւրօրինակ  համադրութիւն մըն է: Ան ոչ միայն  բանաստեղծութիւններու  հեղինակ է այլ նաեւ գրած է ,հայ գաղութային կեանքի ու ազգային -ազատագրական շարժումներու մասին պատմուածքներ, ճանապարագրութիւններ, յօդուածներ: Ան ունէր փիլիսոփայական  միտք .Թէքէեան  թարգմանած է նաեւ Շէքսպիրի,Վիքթօր Հիւկոյի, Օսքար Վալտի գործերը.

Թէքէեան դարձաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրի գլխաւոր երգիչը: Տարագրութեան տարիներուն մեծ եղաւ անոր ներդրումը ,նաեւ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ,ինչպէս նաեւ մշակութային աշխոյժ կեանքի ստեցծաման մէջ:

Վահան Թէքէեան ամբողջ հայութեան  հոգեմտաւոր հարստութեան մաս կը կազմէ եւ ազգային հպարտութիւն մըն է

Անոր անունով կնքուած է Հայ կրթական ու մշակութային  միութիւններ:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

 

 

 

 

Scroll Up