Սինկափուրի Զարգացման Ուղին Լաւ Օրինակ Է Մեզի Համար. ՀՀ Վարչապետ

Տաւոսի մէջ ընթացող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպում ունեցած է Սինկափուրի փոխվարչապետ, տնտեսական եւ հասարակական քաղաքականութեան համակարգող նախարար Թարման Շանմուգարատնամի հետ:
Հանդիպման սկիզբը Սինկափուրի փոխվարչապետն ընդգծած է հայերու նշանակալի աւանդը երկրի զարգացման գործին մէջ` կարեւոր համարելով Սինկափուրի մէջ հայերու մշակութային ժառանգութեան նշանակութիւնը:
Թարման Շանմուգարատնամ նշած է, որ Հայաստան կրնայ կարեւոր դերակատարում ունենալ Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու ընկերակցութեան` ԱՍԵԱՆ-ի եւ մեր տարածաշրջանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն: «Շատ կարեւոր է, որ մեր միջեւ որեւէ խնդիր չկայ եւ մենք վճռական ենք խորացնելու երկկողմ համագործակցութիւնը», – նշած է Սինկափուրի փոխվարչապետը:
Կարէն Կարապետեան իր հերթին ընդգծած է, որ Սինկափուրի զարգացման ուղին լաւ օրինակ է մեզի համար: Ան մատնանշած է շարք մը ոլորտներ, որոնք կրնան հետաքրքիր ըլլալ Սինկափուրի գործարարութեան համար, մասնաւորապէս` գինեգործութիւնը, օրգանիկ գիւղատնտեսութիւնը, կրթական ոլորտը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները: Կարեւորուած է նաեւ կրթական փոխանակման ծրագիրներու իրականացումը: «Մենք շահագրգռուած ենք խթանելու բանակցութիւնները Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Սինկափուրի ազատ առեւտրի գօտիին միջեւ: Այդպիսի համագործակցութիւն կրնայ նպաստել առեւտուրի ու ներդրումներու աճին եւ փոխշահաւէտ ծրագիրներու իրականացման», – նշած է վարչապետը:
Երկուստեք ընդգծուած է Հայաստանի եւ Սինկափուրի միջեւ կրկնակի հարկումը վերացնելու կարեւորութիւնը եւ գոհունակութեամբ նշուած է, որ համապատասխան համաձայնագիրի մշակումը կը գտնուի վերջնական փուլի մէջ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Սինկափուրցի իր գործընկերոջ հրաւիրած է այցելելու Հայաստան, եւ Թարման Շանմուգարատնամ սիրով ընդունած է հրաւէրը: