Վահէ Պէրպէրեան Պէյրութի Մէջ Ներկայացուց «Ուրեմն» Մենաներկայացումը

Յունուար 23-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանրածանօթ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան ներկայացուց իր «Ուրեմն» մենաներկայացումը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան: յԱյս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։
Բեմին վրայ առանձին կանգնած էր Վահէ Պէրպէրեանը, իսկ սրահը բերնէ-բերան լեցուն կը սպասէր արուեստագէտի հիւմորին:
«Ուրեմն» մենաներկայացումը առանցքը սուտն էր: Սուտը ամէն տեղ: Մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, ընտանիքներուն, կեանքին եւ առօրեային մէջ: Վահէ Պէրպէրեան երգիծանքով անդրադարձաւ հայութեան վերաբերող յատկանիշներուն ու սովորութիւններուն, հայ ընտանիքի իւրայատկութիւններուն: Ան ծիծաղի առարկայ դարձուց նաեւ մարդը շրջապատող ընկերային հաղորդամիջոցները:
Հանդիսատեսը մօտ մէկուկէս ժամ ապրեցաւ Վահէ Պէրպէրեանին հետ: Գնաց անոր տարած ճամբաներով, ընկալեց ու ապրեցաւ անոր բացած երգիծական պատկերները, երեւոյթները եւ կենցաղային սովորոյթները, որոնք հիմք դարձան ծիծաղի: Ուշադրութեամբ հետեւեցաւ անոր սրամիտ արտայայտութիւններուն, պարզ ու միանգամայն արտայայտած մտածումներուն եւ զուգահեռներ գծեց իր ապրած կեանքին ու արուեստագէտին կողմէ հրամցուածին միջեւ:
Վահէ Պէրպէրեան յաջողեցաւ տպաւորել լիբանանահայ հանդիսատեսը` ծիծաղով ու ժպիտով լեցուն երեկոյ մը շնորհելով անոր, հեռու` առօրեայ հոգերէն ու նեղութիւններէն:
Ձեռնարկի աւարտին արուեստագէտը մակագրեց իր գիրքերը: