ՀԲԸՄ Նախագահ Պերճ Սեդրակեանը` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

2018թ. յունուար 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը` հայաստանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Վազգէն Եակուբեանի ուղեկցութեամբ: Նախարարը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ իրականացուցած աշխատանքները Հայաստանի կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց առողջապահութեան ոլորտին մէջ սուրիահայերուն աջակցելու եւ համատեղ իրականացուցած աշխատանքներուն համար: Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ շեշտեց ՀԲԸՄ աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ համաբուժարաններու ծառայութիւններուն սուրիահայ բժիշկներու ներգրաւումը եւ սուրիահայերուն ցուցաբերուող բժշկական աջակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հայրենադարձութեան վերաբերող խնդիրներ: Նախարարը նշեց, որ հայրենադարձութեան հարցով ՀԲԸՄ-ը միշտ եղած է գլխաւոր յենասիւներէն մէկը, եւ այսօր ալ իր մեծ դերը պէտք է ունենայ այդ գործին մէջ` հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզման գործին մէջ ձեռք բերուած փորձը: