Հայաստան Զուիցերիայէն Լաւ Է. «Կոմսոմոլսկայա Փրաւտա»

2016-ի դեկտեմբերէն Վորոնեժի միջազգային օդակայանէն ուղիղ չուերթներ կ՝իրականացուին դէպի Երեւան: Ինչպէս կը գրէ «Կոմսոմոլսկայա Փրաւտա. Լիպեցկ»-ը, Վորոնեժի բնակիչները ընդամէնը 2 ժամուան մէջ կրնան Հայաստան հասնիլ` եզակի  երկիր մը, ուր աշխարհի ամենահիւրընկալ ժողովուրդներէն մէկը կ՝ապրի:

Պարբերականը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ նոյնիսկ Զուիցերիայէն  լաւ է: Երկիրը իտէալական է ինչպէս զանգուածային ընկերական հանգիստի, այնպէս ալ ընտանեկան հանդիսութեան համար:

Յօդուածի հեղինակը կը  յորդորէ այցելել ծաղկաձոր, լեռնային դահուկներով սահիլ, օգտուիլ ճոպանուղիէն: «Այստեղ սլացող երիտասարդները կը պատմեն, որ այստեղի վայրերն ու դահուկավազքի ուղիները չեն զիջեր Շուեյցարիային, իսկ գիներն աւելի մատչելի են»:

«Հայաստանի մէջ  իրականացուած իւրքանչիւր օր ընդմիշտ կը մնայ յիշողութեան մէջ: Հեքիաթային վայրերը, աւելի ջերմ եղանակը, տեղական խոհանոցը, բարեհամբոյր եւ հիւրընկալ բնակչութիւնը, որ, կարեւոր է,  կը խօսի եւ կը հասկնայ ռուսերէն, անմոռանալի կը դարձնէ այդ ուղեւորութիւնը»,-կ՝ըսուի յօդուածին մէջ:

Պարբերականը կը նշէ, որ չնայած Հայաստանի մէջ ծով չկայ, փոխարէնը կայ հիասքանչ Սեւանը: «Սեւանի հարստութիւնը հանրայայտ իշխան ձուկն է, որ կարելի է համտեսել տեղի հաստատութիւններուն մէջ: Այդ ձկնատեսակը յատուկ է` այսինքն չի հանդիպիր այլ ջրաւազաններու մէջ»,- կը գրէ հեղինակը:

Ի թիւս այլ տեսարժան վայրերու նշուած են Գառնին, Գեղարդը, Խոր Վիրապը, «Մեգերեան Կարպետ» ընկերութիւնը, որուն արտադրած գորգերէն ունին հոլիւուտեան աստղերն ու ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փուտինը, ինչպէս նաեւ չիրերու շուկան ու յուշանուէրներու կրպակները, եւ, անշուշտ, Երեւանը:

«Հայաստանին կը սիրահարուիս: Իւրաքանչիւրն այստեղ կրնայ իր սրտով զբաղմում մը  գտնել` սլանալ ձնապատ լեռներով, զմայլիլ լիճի ջիրերով եւ լեռներով, ճարտարապետութեամբ, համտեսել հայկական խոհանոցի ուտեստները եւ վայելել շփումը բարեհամբոյր եւ հիւրընկալ ժողովուրդի հետ»,-panarmenian.net-ի փոխանցմամբ` կը գրէ պարբերականը:

 

Scroll Up