Սերժ Սարգսեան Չըսաւ «Ինծմէ ետք Ջրհեղեղ»

Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ կը գրէ.

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմինը իր 18 Յունուար 2018-ի ժողովին ՀՀ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային Ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող իր կուսակցութեան առաջադրեց Արմէն Սարգսեանի անունը, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը ըլլալու թեկնածուն: Առաջարկը ընդունուեցաւ ժողովին կողմէ:

Սերժ Սարգսեան այս ընտրութեան յանգեցաւ շարք մը խորհրդակցութիւններէ ետք, որոնց շարքին նաեւ Հայրենի մտաւորականութեան հետ, որ բարձր գիտակցութիւն ունեցող, ժողովրդավար մշակոյթի տէր պետական մարդու միայն վայել գործելաձեւ է:

Այս բանին վրայ ՀՀ նախագահը հանդիպեցաւ Արմէն Սարգսեանի հետ` անոր փոխանցելով իր կուսակցութեան անունով թեկնածու առաջադրուելու համար կայացուած որոշումը: Նախագահը իր պատկերացումները փոխանցեց ապագայ նախագահի որակական յատկանիշներուն մասին, որոնք իր համոզմամբ ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն Արմէն Սարգսեանի արժանիքներուն:

Որպէս մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանի՛ նախագահական թեկնածուութեան առաջադրումը աւելի քան խոհեմ եւ տեսլապաշտ քայլ է ինչ կը վերաբերի երկրին բարօրութեան եւ ապագային:

Առաջին անգամը չէ, որ նախագահը կը դիմէ խոհեմ եւ գիտական մօտեցում ցոյց տուող ընտրութիւններու: Նոյնանման մօտեցումով մը Սերժ Սարգսեան ատենին, որպէս վարչապետ ընտրած էր նշանակել Կարէն Կարապետեանը, իբրեւ յոյս տնտեսական դժուարութիւններ ապրող մեր երկրին: Այս նշանակումը օրին ժողովրդական մեծ ընդունելութիւն գտաւ:

Արմէն Սարգսեանի նման ժողովրդական կերպար մը, որպէս նախագահական թեկնածու առաջադրելով ՀՀ խոհեմ նախագահը առաջքը առաւ նախագահական ընտրութիւններու հարցով երկրին մէջ ծայր առնելիք հաւանական քաշքշուքներուն:

Արմէն Սարգսեան լաւատեղեակ է երկրին ներքին խնդիրներուն: Երկար ժամանակ ծառայելով նաեւ Սփիւռքի մէջ՝ ան լաւ կը ճանչնայ սփիւռքահայութիւնը եւ իր անունը ընդունելի եւ ընկալելի է վերջինիս կողմէ դառնալու «ամենայն Հայոց նախագահ»: Որպէս դեսպան՝ Արմէն Սարգսեան, ծառայելով հանդերձ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, լաւ կը ճանչնայ սփիւռքահայ կառոյցները, որոնց հետ անձնական շփման մէջ եղած է: Հայրենի նախագահը իր առած այս քայլով նաեւ փաստեց, որ սփիւռքը իր մտածումներուն մէջն է եւ իրեն համար կարեւոր է եւ լաւապէս կ’արժէւորէ սփիւռքի կարծիքն ու տրամադրութիւնը:

Արմէն Սարգսեան դիւանագիտական ծառայութեան իր հարուստ թղթապանակին մէջ ունի միջազգային լայն ծանօթութիւններ, որոնք կրնան ի սպաս դրուիլ Հայաստանի արտաքին կապերուն եւ շահերուն: Ան նաեւ երկար ատեն ծառայելով Եւրոպայի մէջ՝ ընկալած է Եւրոպական եւ արեւմտեան արժէքներ ինչ կը վերաբերի կառավարման մշակոյթին:

Լաւատեսութեամբ սպասելով բարին՝ մեզի կը մնայ շեշտել, որ Սերժ Սարգսեան իր պաշտօնավարութեան աւարտին չըսաւ «Ինծմէ ետք Ջրհեղեղ»: Ընդհակառակը ան իր պաշտօնը կը փորձէ յանձնել իր պատկերացումով եւ նաեւ փաստօրէն լաւագոյններէն մէկուն:

Նման մեծահոգի եւ պատասխանատու մօտեցում պէտք է, որպէս օրինակ ծառայէ բոլորիս: Սփիւռքահայ պատասխանատուները պէտք է դասեր քաղեն եղածէն:

Ղեկավարի մը լաւագոյն արժանիքը իր յաջորդը պատրաստելու կամ առաջադրելուն մէջ կը կայանայ եւ ոչ թէ հաւանական եւ կարողական (potential) ուժերը ճզմելուն, մեկուսացնելուն կամ վարկաբեկելուն մէջ կամ մեր ղեկավարման անշնորհքութիւնը ծածկելու համար ձախաւեր մը յաջորդ նշանակելուն մէջ, ինչպէս շատ յաճախ հիւանդագին մոլեգնութեամբ եւ եսակեդրոնութեամբ սովոր ենք ընել դժբախտաբար:

Սերժ Սարգսեան ըրաւ այն ինչ, որ իսկական ղեկավարի մը միայն վայել է: Թող որ իր օրինակը ըլլայ վարակիչ:

Scroll Up