Հանդիսաւոր Բացում՝ «Յովհաննէս Եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» Երիտասարդական Կեդրոնի

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
«Ասպարէզ»- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէին, Շաբաթ, 13 Յունուար 2018ին, երեկոյեան ժամը 6ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Ֆութհիլի Հայ կեդրոնը անուանակոչուեցաւ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան Երիտասարդական Կեդրոն», շնորհիւ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու իշխանական նուիրատուութեան, որ իբրեւ ոսկեայ օղակ կու գար աւելնալու բարերար այս ամոլին կատարած ազգանուէր գործունէութեան վրայ, որուն շղթան ամերիկեան ափերէն կ՛երկարի մինչեւ հայրենիք: Բարերար զոյգը մօտիկ անցեալին Պըրպենքի Հայ կեդրոնին կատարեց նշանակալի բարերարութիւն՝ փառաւորելով Վարանդ Մելքոնեանի ծնողներուն հայանուէր կեանքն ու վաստակը, իսկ այժմ, Փասատինայի Հայ կեդրոնի անուանակոչումով, զոյգը կը ձգտի պանծացնել Հուրի Ճիվելէկեան-Մելքոնեանի ծնողներուն ծառայական ոգին՝ հանդէպ հայ ազգին ու հայ մշակոյթին։
Անուանակոչութեան հանդիսութեան ներկայ եղան բարերար զոյգն ու Մելքոնեան եւ Ճիվելէկեան ընտանիքները, Արեւմտեան Ամերիկայի Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ նոր եւ հին կազմէն ընկերներ, «Լեռնավայր» կոմիտէի կազմը, ազգային բարերարներ, Շրջանային եւ տեղական, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ ուղեկից միութիւններու, մարմիններու ու յանձնախումբերու, այլեւ ՀԵԴի ներկայացուցիչներ, վարչական կազմեր, բարերար ամոլին բարեկամներն ու հիւրերը, նաեւ «Լեռնավայր» կոմիտէութենէն խումբ մը ընկեր-ընկերուհիներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հայ կեդրոնի մուտքին. ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի խումբ մը սկաուտ-արենուշներ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն, ապա Արա Սահակեան կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութիւնը՝ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արմէն Պապայեանին:
Այս նպատակին համար «Լեռնավայր» կոմիտէին յառաջացուցած յանձնախումբի անունով բացման խօսքը կատարեց ձեռնարկի հանդիսավար Մանուկ Ջուխաճեան, որ ընդգծեց Մելքոնեան բարերար զոյգին ցուցաբերած նշանակալի հոգածութիւնը Փասատինայի հայ համայնքին նկատմամբ՝ դիտել տալով, որ հայապահպանման ինչպիսի՛ աշխատանք կը տարուի այսուհետեւ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան Երիտասարդական Կեդրոն» անունը կրող այս կեդրոնին մէջ, ուր կը գործեն ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, Հայ Դատի, ՀԵԴի եւ կրտսերներու խումբեր, որոնց շնորհիւ համայնքը կը շնչէ հայօրէն: Մէջբերելով «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 40ամեակին առթիւ հիմնադիր սերունդէն Գալուստ Շխըրտմեանի խօսքը՝ Ջուխաճեան հաւաստիացուց, որ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու շնորհակալ նուիրատուութիւնը ՀՅԴ Փասատինայի ընտանիքին նաեւ յոյս կը ներշնչէ, թէ օր մըն ալ կ՛իրականանայ երէց ընկերոջ՝ շրջանին մէջ հայկական նոր վարժարան հիմնելու երազը:
Խօսքին յաջորդեց անուանակոչութեան հոգեւոր արարողութիւն՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, ապա քօղազերծում՝ շէնքին ճակատը զարդարող «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան Երիտասարդական Կեդրոն» անգլերէն եւ հայերէն վերտառութեան, ձեռամբ նուիրատու ամոլին, Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեաններուն եւ շրջանի ներկայացուցիչներու: Սրբազան հայրը ջերմօրէն ողջունեց նուիրատու ամոլն ու բարձրօրէն դրուատեց անոնցմէ իւրաքանչիւրի ծնողներուն եկեղեցասիրութիւնն ու հաւատքը՝ հանդէպ հայ ազգին ու հայ եկեղեցւոյ, ապա ի սրտէ շնորհաւորեց Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեաններուն անունով կեդրոնին անուանակոչումը՝ իբրեւ ազգասիրութեան խօսուն օրինակ:
Կարմիր ժապաւէնի հատումէն ետք շքերթը ուղղուեցաւ սրահ՝ միատեղ ընթրելու: Ներսը կը տիրէր խնդակցական մթնոլորտ, շնորհաւորանքներ կը բաշխուէին ե՛ւ նուիրատուներուն, ե՛ւ մեծարուող հայ ծնողներուն, ե՛ւ «Լեռնավայր» կոմիտէին: Մուշեղ սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց ազգաշէն այս արարքին դերակատարները, վեր առաւ Մելքոնեան եւ Ճիվելեկեան ընտանիքներուն հայութեան եւ հայրենիքին հանդէպ տածած խորունկ սէրն ու նուիրուածութիւնը, հանդէպ ազգին ու հայրենիքին անոնց բարեգործական մղումները, ապա աղօթքով օրհնեց սեղանները:
Ընթրիքին ընթացքին «Լեռնավայր» կոմիտէի անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Արման Պաղտոյեան՝ «համայնքի սիւները» կոչելով բոլոր այն բարերարները, որոնք իրենց բարոյական եւ մանաւանդ նիւթական օժանդակութեամբ կը սատարեն հայ կեդրոններու թէ ազգային կառոյցներու գոյատեւման եւ կենսունակութեան. «Ահա այս հայորդիներու խումբէն մեզի համար յատուկ տեղ ունին Մելքոնեան Վարանդն ու իր կինը՝ Հուրին, որոնք միայն յարգանքի ու ակնածանքի արժանի են: Անոնք մեր շրջանին մէջ իրենց բարերար դրոշմը դրին Հայ Դատի աշխատանքերուն վրայ, հայ մամուլին վրայ, մշակութային, հոգեւոր ու մարզական կեանքին վրայ, Հայ Կեդրոններուն վրայ»: Շարունակելով իր խօսքը՝ հերթապահը դիտել տուաւ, որ «մեր համայնքի տարեգրութիւնը արձանագրող իւրաքանչիւր պատմաբան, իւրաքանչիւր ուսումնասիրող պիտի խորապէս տպաւորուի Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու բարերար ու երախտաշատ գործունէութեամբ, անոնց մշտական ներկայութեամբ՝ մեր համայնքային կեանքին մէջ: Եւ ո՛չ միայն հոս: Վարանդն ու Հուրին իրենց բարերար ձեռքը երկարած են մինչեւ հայրենիք, ուր նոյնպէս, մեր կեդրոններու ստեղծման ու կառուցման ծրագիրներուն մէջ ունեցած են իրենց նշանակալի ներդրումը: Այո՛. բոլոր անոնք, որոնք այսօր մօտ են այս զոյգին, ականատես են այն կիրքին ու սիրոյն, զորս Մելքոնեանները կը տածեն մեր հայրենիքին, մեր ազգին ու մեր Դատին նկատմամբ: Տպաւորիչ է մանաւանդ անոնց հաւատարմութիւնը մեր ազգային արժէքներուն, մեր հաւատքին հանդէպ», հաստատեց Պաղտոյեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀԵԴ Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» ուխտի ատենապետ Դրօ Մկրտիչեան, որ անգլերէնով շնորհաւորեց կեդրոնի անուանակոչութիւնը, ապա շեշտեց ՀԵԴի աշխատանքներու ամրապնդման նպաստող այս կեդրոնի գոյութեան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ սփիւռքեան կեանքին մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուան: Ապա, հանդիսավարը հրաւիրեց բարերար տիկին Մելքոնեանը, որ իր սրտի խօսքը արտասանէ:
Սրտառուչ էր բարերարուհիին խօսքը, երբ կը ներկայացնէր իր ծնողները եւ անոնց տոհմային ծագումը, թէ ինչպէ՛ս ճողոպրած են թրքական եաթաղանէն եւ տարագիր հայութեան բնորոշ՝ ինչպիսի՛ ոդիսականներ ապրած. հօրը կողմը գացած է Ուրֆայէն Քերքուք (Իրաք), ապա Ամերիկա, մօրը կողմը՝ Շիրինեան՝ Էրզրումէն Իրաք, մինչեւ հասած են Ամերիկա: Տիկին Մելքոնեան նաեւ նշեց, թէ իր ծնողները հասակ առած են ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին ներքոյ եւ կանուխ տարիքէն մաս կազմած անոր շարքերուն:
Որդիական սիրով եւ խորունկ երախտագիտութեամբ յորդուն էր Հուրիի խօսքը՝ ծնողներուն հանդէպ, մանաւանդ երբ կ՛ըսէր. «Սիրելի մամա եւ պապա, դուք եղաք մեր հիմնաքարերը, ձեր անձնուէր կեանքով եւ իտէալով ցանեցիք մեր մէջ ընտանեկան սէրն ու միութիւնը, յարգանքը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատքը, եւ սորվեցուցիք մեզի ըլլալ աշխատասէր, զոհաբերուող, ներողամիտ. ձեր անձին օրինակով մեզի փոխանցեցիք ազգասիրութիւն, որուն փաստը Փասատինայի Հայ կեդրոնի այսօրուան անուանակոչութիւնն է»: Ան նաեւ իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց իր ամուսնոյն՝ Վարանդին, եւ անոր ծնողներուն, բոլորին մաղթելով առողջ ու երկար կեանք, իսկ Փասատինայի Հայ կեդրոնին՝ յառաջդիմութիւն եւ անխափան վերելք:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Մուշեղ սրբազան Մարտիրոսեանը, որ բարերար Մելքոնեան եւ Ճիվելէկեան ընտանիքներուն ուղղուած իր ողջոյնի ջերմ խօսքերուն ընդմէջէն վեր առաւ հայու ա՛յս տեսակի կերպարը՝ իբրեւ աստուածահաճոյ տիպար հայութեան կեանքին մէջ, եւ բարձր գնահատեց անոնց իրագործած բարեգործութիւնները Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:
Սրահին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Կազմակերպիչ յանձնախումբը ջանք չէր խնայած լաւագոյնս պատուելու նուրիատու ամոլը, անուանակոչութեան տէր բարերար զոյգը, անոնց պարագաներն ու հրաւիրեալները: Երեկոն նաեւ խանդավառեց Արա Սահակեան՝ մեկնաբանելով փունջ մը հայրենասիրական ու յեղափոխական երգեր, որոնք պահը լեցուցին հայրենեաց շունչով եւ ազգային հպարտութեամբ։