Տեղեկատուական Արուեստագիտութիւններու Լայն Կիրառումը Առաջնահերթ Խնդիր

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կառուցուածքային ստորաբաժանումներուն հետ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ իրականացուող խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս յունուար 18-ին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան հետ, որուն մասնակցեցաւ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Վարչութեան պետ Վ. Վարդանեան ներկայացուց 2017թ. ընթացքին կատարուած աշխատանքները, անդրադարձաւ ընթացիկ տարուայ ծրագիրներուն ու ընելիքներուն:

Նախարարը կարեւոր համարեց 2018թ. գերակայ խնդիրներու կատարման առաջնահերթութիւնը, տեղեկատուական արուեստագիտութեան լայն կիրառումը, Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն հետ կապերու սերտացումը, տեղեկատուութեան փոխանակման կառավարման ապահովումը, ՍՆ տեղեկատուական պաշարներու, ներառեալ` տուեալներու ելեկտրոնային շտեմարանի համալրումը, ինչպէս նաեւ` նախարարութեան ստորաբաժանումներուն հետ սերտ համագործակցութիւնը` տեղեկատուութիւնը մշակելու եւ համակարգելու, վերլուծական աշխատանքներն աւելի աշխուժացնելու նպատակով:

 

 

 

 

Scroll Up