Վիրահայոց Թեմը Դիմած Է Դատարան Եւ Կը Պահանջէ Թանդոյեանց Եկեղեցին Վերադարձնել Թեմին

Թիֆլիսի Թանդոյեանց եկեղեցին կեղծ փաստաթուղթի հիման վրայ վրաց պատրիարքարանին փոխանցելու հարցով Վիրահայոց թեմը դիմած է դատարան: Այս մասին այսօր` յունուար 17-ին, NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Վիրահայոց թեմի մամուլի եւ լրատուութեան բաժինի տնօրէն Սուսաննա Խաչատրեան: Ան նշեց, որ դատարան ներկայացուցած հայցով կը պահանջեն եկեղեցին վերադարձնել Վիրահայոց թեմին, քանի որ եկեղեցւոյ հայկական ըլլալը որեւէ կասկած չի յարուցեր եւ բոլոր փաստերով, արխիւային նիւթերով  ապացուցուած է:

«Եւ իշխանութեան, եւ պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումներ, բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան, բայց, այնուամենայնիւ, որոշուած է եկեղեցին Վիրահայոց թեմին վերադարձնելու պահանջով յայտ ներկայացնել դատարան»,-ըսաւ ան:

 Նշենք, որ 2017թ. ապրիլին Վրաց պատրիարքարանի քարտուղար Պօթքովելին դիմած է Վրաստանի յուշարձաններու պահպանութեան եւ վերականգնման գործակալութիւն` Թանդոյեանց եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու: Գործակալութիւնը կեղծ փաստաթուղթ  ներկայացուցած է, թէ իբր այդ եկեղեցին անցեալին եղած է վրացական, որուն հիման վրայ ալ այն փոխանցուած է վրաց պատրիարքարանին որպէս սեփականութիւն:

Թանդոյեանց Սբ. Աստուածածին եկեղեցին կը գտնուի Թիֆլիսի Կուկիոյ կոչուած թաղամասին մէջ, այն կառուցուած է 19-րդ դարուն: Մինչեւ խորհրդային տարիները գործած է որպէս հայ առաքելական եկեղեցի, յետոյ վերածուած է կինոթատրոնի:

 Կուկիոյ թաղամասին մէջ, մինչ Թանդոյեանց Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրումը, գործած է Սբ. Աստուածածին անուամբ Հայ առաքելական եկեղեցին:

 

Scroll Up