Տարին Հարուստ Պիտի Ըլլայ Կրթամշակութային Եւ Երիտասարդական Ծրագիրներով

Յունուար 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան հետ, որուն մասնակցեցաւ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գ. Գեանջումեան ներկայացուց 2017թ. ընթացքին կատարուած աշխատանքները, նշեց յառաջիկայ ընելիքները:

Նախարարը կարեւոր համարեց 2018թ. կրթամշակութային եւ երիտասարդական ծրագիրներու, Սփիւռքի կրթօճախներուն դասագիրքերու առաքման, «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, ինչպէս նաեւ` Երեւանի 2800 ամեակի, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակի եւ նախարարութեան 10 ամեակի ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումը եւ իրականացումը:

 

 

Scroll Up