«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Հայկական Թատրոնին Նուիրուած Երեկոն

Հինգշաբթի, 11 Յունուար 2018-ի երեկոյեան դարձեալ բազմամարդ էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ահրամճեան Կեդրոնը, ուր կազմակերպութեամբ «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Հայ Թատրոնին նուիրուած երեկոյ եւ ուր բանախօսելու համար հրաւիրուած էր հայրենի վաստակաշատ բեմադրիչ Փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեան:
Ահրամճեան Կեդրոնի սրահը լեցուն էր այդ գիշեր լիբանանահայ մշակութասէր, արուեստասէր, գրասէր ու թատերասէր մտաւորականներով, բեմադրիչներով ու նամանաւանդ երիտասարդ դերասաններով ու հետաքրքիր ներկաներով, որոնք եկած էին լսելու տաղանդաւոր բեմադրիչը: Անոնցմէ շատեր հայրենի բեմադրիչին հետ ունէին տարիներու բարեկամութիւն՝ երբ մօտիկ անցեալին Երուանդ Ղազանճեան 13 տարի անընդնիջօրէն աշխատակցած էր ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ եւ բեմադրած զանազան թատրերգութիւններ, արուեստի ու թատրոնի հոգի ու շունչ տալով Սփիւռքի Մշակոյթի մայրաքաղաք Պէյրութին, արուեստասէրներուն եւ «Փափազեանական»-ներուն:
Սպասուած երեկոն սկսաւ Յանձնախումբի ժրաջան անդամուհի Մարալ Առնելեանի բացման խօսքով: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
Ուրախ եմ, որ «Խօսնակ»-ի Մշակութային Յանձնախումբը, 2018 տարուայ իր առաջին հրապարակային միջոցառումը կը սկսի Մշակութային մարզէ ներս կարեւոր տեղ գրաւող եւ Հայկական Թատրոնի նուիրուած երեկոյով: Բարեբախտ պատահականութեամբ մը, օրերս լիբանանահայ ծանօթ ազգային պարոն Շահէ Խաչատուրեանի անձնական հրաւէրով Լիբանան կը գտնուի Հայրենի տաղանդաշատ եւ վաստակաւոր բեմադրիչ եւ լիբանանահայ մշակութասէր ու թատերասէր հասարակութեան քաջածանօթ դէմք՝ բեմադրիչ՝ Փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեանը: Մենք, օգտուելով այս պատեհ առիթէն, ահա եկած ենք լսելու Պարոն Ղազանճեանի սրտին ձայնը:
Նոյն առթիւ, նախքան բանախօսութիւն տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Օրուայ հանդիսավար՝ բեմադրիչ եւ դաստիարակ Վազգէն Մուղալեան, հերթականութեամբ բեմ հրաւիրեց Յակոբ Զարմէնեանը, որ արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը՝ յաջող մեկնաբանութեամբ, Արամ Շահպազեանը, որ երգեց «Երեւան – էրեբունի» երգը՝ հրաշալի կատարողութեամբ,
դաշնակի ընկերակցութեամբ արժէքաւոր ուսուցչուհի՝ Մարալ Առնելեանի, ապա փորձառու դերասանուհի Արփի Աւետիքեան ընթերցեց թատրոնի նուիրուած լուսաբանող հատուած մը՝ հասկնալի ու սահուն առոգանութեամբ, որմէ ետք հայրենի իրաւաբան Նաիրա Էտիկարեան արտասանեց Համամարտի «Հայաստան» քերթուածը, հաճելի կատարողութեամբ: Որպէսզի հասարակութիւնը աւելի մօտէն ճանչնայ բեմադրիչ
Երուանդ Ղազանճեանը, Աւետիս Տիպան ընթերցեց բեմադրիչին կենսագրականը՝ թուելով հանգրուան առ հանգրուան,մինչեւ այս օրը:
Առանձնապէս, մեծ հաճոյք էր լիբանանահայ ասմունքող Անի Եփրեմեանի իւրայատուկ կատարումը, որ մեծ խանդավառութիւն պատճառեց ներկաներուն:
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին հանդիսավար Վ.Մուղալեան բեմ հրաւիրեց յարգելի հիւրը, որ ամփոփ ու կուռ ոճով արտայայտուեցաւ հայ թատրոնի դերին, տեղին ու ժողովուրդի մօտ անոր ունեցած արժէքին մասին, առանձնացնելով թատրոնին դերը՝ ժողովրդային դաստիարակութեան մէջ: Յիշատակելով միաժամանակ, թէ թատրոնի պատմութիւնը ունի երեք հազար տարուայ պատմութիւն, իսկ մեր մօտ, անոր յիշատակութիւնը կ’երկարի մինչեւ 7-րդ եւ 6-րդ դար՝ նախքան Քրիստոս, երբ Մեծն Տիգրան Պատմական Հայաստանի հարաւային մայրաքաղաք Տիգրանակերտի մէջ կառուցած է թատերական շինութիւն: Իսկ իր որդին Արտաւազդը Բ.-ը ներկայացումներ կը գրէր (յաճախ ողբերգութիւններ), Ն.Ք. 56 եւ 34 թուականներուն ու կը բեմադրէր, ստեղծելով հելլենիստական ոճի թատրոն:
Փրոֆ. Ղազանճեան անդրադարձաւ նաեւ այն երեւոյթին, որ Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք եւս շարունակուած է թատերական կեանքը եւ 6-րդ ու 7-րդ դարերուն թատրոնը եւ կարեւոր տեղ գրաւած է հասարակութեան մօտ: Աղթամարի տաճարին վրայ փորագրուած թատերական նմոյշները ցոյց կու տան թատրոնի հանրաճանաչութիւնը, երեւոյթ՝ որ աւելի ուշ տեսնուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան ժամանակ: Սակայն, 14-րդ դարուն, Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, կը փոխուի իրավիճակը եւ 15 եւ 18-րդ դարերուն, թատրոնը եւ արուեստը ապրած են զգալիօրէն անկում, տիրող քաղաքական ու աշխարհագրական պայմաներու բերումով:
Ան անդրադարձաւ Հայկական Թատրոնի 19-րդ դարուն ունեցած դերին մասին, երբ 1827 թուականին Արեւելեան Հայաստանի մէջ զարգացաւ թատերական կեանքը: Երեւանի մէջ, առաջին անգամ ներկայացուեցաւ հայկական ներկայացումներ՝ 1865 թուականին: Իսկ 1877 թուականին տեղի ունեցած է «Խելքէն Պատուհասը» թատրերգութեան ներկայացումը: Ապա զարգացաւ Թիֆլիսի մէջ հայկական թատերական կեանքը, երբ 1836 թուականին ստեղծուեցաւ «Շերմազանեան Դարպաս» Թատրոնը: Իսկ Թիֆլիսի մէջ դարձեալ կը ստեղծուի Հայկական Թատրոն՝ 1863 թուականին, Գէորգ Չմշկեանի ղեկավարութեամբ:
Գալով Արեւմտահայաստանին, Կոստանդնուպոլիսը որ հայոց մշակութային կեանքի կեդրոնն էր, հոն 1810 թուականին Մ.Բժշկեանի ղեկավարութեամբ կը ներկայացուին հայկական առաջին ստեղծագործութիւններ: Ապա կը նշմարենք նշանաւոր անուններ:
Բանստեղծ թատերագիր Մ.Պէշիկթաշլեան 1856 թուականին կը հիմնադրէ հայկական ազգային թատրոն: Յաջորդական տարիներուն կը զարգանան Ս. Հէքիմեանի, Պետրոս Դուրեանի եւ Տ.Թէրզեանի ստեղծագործութիւնները:
Անդրադառնալով թատրոնի զարգացման ճանապարհներուն, ան ըսաւ, թէ 1905-1907 տարիներուն հայկական թատրոնը զգալի վերելք ապրած է՝ Երեւան, Թիֆլիս, Պաքու:
Անդրադառնալով Խորհրդային ժամանակաշրջանին, ան ակնարկեց, թէ այդ շրջանին թատրոնն ու արուեստը ընդհանարապէս ունեցած են ծաղկուն ու բարգաւաճ ժամանակաշրջան: 1922 թուականին կազմակերպուած է առաջին պետական դրամատիկական թատրոնը, որուն յետագայինշնորհուեցաւ «Գաբրիէլ Սունդուկեան»-ի անուն, եւ ան միաժամանակ թուեց տասնեակ մը թատրոններու անուններ, որոնք մինչեւ ռրս կը գործեն: Ան յիշեց նաեւ Հայաստանի տարածքին ստեղծուած բազմանուն թատրոններ եւ ապա մեծ երախտագիտութեամբ թուեց ժողովուրդի կողմէ սիրուած արուեստագէտներ՝ Յովհաննէս Աբելեանը, Յասմիկը, Արուս Ոսկանեանը, Վահրամ Փափազեանը, Հրաչեայ Ներսիսեանը, Վաղարշ Վաղարշեանը, Մ.Սիմոնեանը,Վ.Վարդերեսեանը, Խ.Աբրահամեանը, Մ.Մկրտիչեանը եւ շատ մը յարգելի Անուններ, որոնց շարքին երիտասարդներ:
Ան, Փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեան, ակնարկեց նաեւ, որ թատրոնը միշտ ալ դիմագրաւած է դժուարութիւններ՝ բազմապիսի օրինակներով, նիւթապէս, բարոյապէս, բաց աստի դերասան, բեմադրիչ, նոր թատրերգութիւններ… որոնց յաղթել հնարաւոր է միայն նուիրուած կամքով ու հաւաքական հետեւողական աշխատանքով, սիրելով թատրոնը:
Այսօր, ոչ միայն թատրոնի մէջ, այլ բոլոր ոլորտներու ու բնագաւառներու մէջ մեր յոյսը, մեր երիտասարդներն են, որոնք ունին հաւատք ու տեսիլք ապագայի հանդէպ: Անոնք է որ պիտի հանդիսանան իրական ժառանգորդներ, որոնք պիտի ներկայացնեն ապրուած այս օրը, ներկան՝ իր բոլոր երեսներով ու կերտեն ապագան, կուրծք տալով բազում դժուարութիւններու:
Հաճելի ու բովանդակալից բանախօսութենէ ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը, որպէսզի յաւուր պատշաճի տայ իր արժեւորումը երեկոյեան: Ան ջերմ խօսքերով գնահատեց կատարուածը եւ ըսաւ. «Ապրեցանք հայաբոյր, հայաշունչ ու հայահունչ եզակի գիշեր մը՝ վաթսուն րոպէներու մէջ»: Ապա շարունակեց. «Ժողովուրդներու կեանքին մէջ կան մարդիկ, որոնք աշխարհ կու գան, կարծէք արտայայտիչը ըլլալու իրենց պատկանած ազգի ցաւերուն, տառապանքներուն, իղձերուն ու ձգտումներուն՝ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ: Իսկ ժողովուրդը, գնահատելով այդօրինակ մարդկանց կատարած նուիրական ազգանուէր աշխատանքը, գնահատած է զանոնք, ծափահարած ու անոնց տուած՝ «Վարպետ»-ի կոչում: Այսպիսիք էին Ա.Իսահակեանը, Յ.Թումանեանը, Շիրվանզադէն, Մ.Սարեանը, Ա.Խաչատուրեանը եւ ուրիշներ: Անոնք գացին, բայց ձգեցին իրենց մատնահետքերը… եւ նամանաւանդ անոնք ունեցան արժանաւոր ժառանգորդներ, որոնցմէ է Յարգելի բեմադրիչ Փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեանը՝ բանիւ եւ գործով, որ գործեց ու կը գործէ տակաւին ամենայն աշխուժութեամբ, որ նաեւ 13 տարիներ Փառքի Օրեր պարգեւեց ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին, սիրողական դերասանները բարձրացնելով արհեստավարժ մակարդակի:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Խաչատուրեան ընտանիքին, թուելով անոնց հայրենասիրական արարքը՝ Մայր Հողի վրայ, երբ բազմատասնեակ ընտանիքներուն հայթայթած են արուեստի գործ՝ «ԳՈՀԱՐ»-ի հովանոցին տակ, իսկ արտասահմանի մէջ «ԳՈՀԱՐ»-ի ելոյթներով Խաչատուրեաններ ազգային մակարդակի «Ալեկոծում» եւ «Բոցավառում» ստեղծած են հրահրելով բազմահազար հոգիներ՝ հինգ ցամաքամասերու վրայ:
Միջոցառման աւարտին Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ յայտագրի մաս կազմող բոլոր անձանց եւ աւարտին բեմ հրաւիրեց Լիբանանահայ ծանօթ ազգայիններ՝ Շահէ Խաչատուրեանն ու Յակոբ Թէլվիզեանը, որպէսզի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի օրուայ խորհուրդը բնորոշող վահանակն ու յիշատակի նուէրը յանձնեն վաստակաշատ բեմադրիչ Երուանդ Ղազանճեանին, ծափերու տարափին տակ: Ջերմ երեկոն շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ: